ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճին եւ անդամուհիներէն Առլէթ Ինճիտիւզէնը։ Խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուեցաւ, որ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան ստանձնէ նաեւ Գանտիլլիի եկեղեցւոյ այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Թաղականները եկեղեցւոյ ընթացիկ օրակարգին եւ իրենց այժմու գործունէութեան շուրջ ալ տեղեկութիւններ տուին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Բացատրութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը՝ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար։ Հուսկ, ան օրհնեց թաղային խորհուրդի անդամները եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
ԱՍԱՏՈՒՐ ԱՄՈԼԻ ԱՅՑԸ
Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց տքթ. Վարուժան եւ Անոյշ Ասատուրներուն այցելութիւնը։ Անցեալ աշնան Ասատուր ամոլը մեծ ցնցում մը ապրած էր՝ իր 35-ամեայ որդւոյն՝ Սարօ Արթունի յանկարծամահ դառնալով։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ասատուր ամոլը Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հոգելոյս վաղամեռիկ երիտասարդի կորստեան շրջանին ցուցաբերուած հայրական ուշադրութեան եւ բարոյական զօրակցութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը կրկնեց, որ հոգելոյս Սարօ Արթուն Ասատուրի կորուստը համատարած ցաւ պատճառած էր մեր համայնքին՝ քանի ան յայտնի էր իր արժանիքներով ու կորովով։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր աղօթքը, որպէսզի բարեյիշատակ երիտասարդը երկնային անթառամ պսակներու արժանանայ։ Միեւնոյն ժամանակ ան սգաւոր Ասատուր ամոլին անգամ մը եւս մաղթեց Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։
ԱՅԼ ՀԻՒՐԵՐ
Միւս կողմէ, երէկ Գումգաբու այցելեցին նաեւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի եւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները։