ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն յաջողութիւններ արձանագրեցին շարք մը ձեռնարկներու մէջ, ինչ որ դպրոցէն ներս ուրախութեան առիթ դարձաւ։

Զ. դասարանի աշակերտներէն Արսէն Աշճը մասնակցեցաւ «Okulistik» միջվարժարանային արժեւորումի քննութեան, որու առաջինը հանդիսացաւ։ Ան այս արդիւնքին հասաւ՝ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքէն 42 հազար 471 աշակերտի շարքին։

Է. դասարանի աշակերտներէն Արաս Չամիչեան «Վերջին շունչը» խորագրեալ պատմուածքով արժանացաւ մրցանակի մը։ Ան NDS միջնակարգին կողմէ կազմակերպուած «Կտաւէն դէպի գրիչ» բանաստեղծութեան ու պատմուածքի մրցոյթին մասնակցեցաւ՝ ուսուցչուհի Ժալէ Քայայի հսկողութեան ներքեւ։

Բաց աստի, դպրոցի տղաքը ներկայ շաբթուան առաջին օրերուն մասնակցեցան Շիշլի գաւառակէն ներս կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքի մը։ Մէրամէթճեանի խումբին մէջ էին՝ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, Շանթ Ատըկիւզէլ, Լուսին Տիտոնեան եւ Չընար Քափ։ Տղաքը հանդիսացան մրցաշարքի ախոյեանը։ Անհատական դասաւորումի մէջ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ դարձաւ իր սեղանի առաջինը, իսկ Շանթ Ատըկիւզէլ՝ երկրորդը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024