ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆ

Այս տարուան 28 Մայիսը՝ Հանրապետութեան տօնը Հայաստանի մէջ գայթակղեցուցիչ դէպքերու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դժբախտաբար, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները այնպիսի կէտի մը հասած են, որ յաւելեալ սպառնալիքներ կը ստեղծեն հայոց անկախ պետականութեան յարատեւութեան դէմ։ Ափսոս, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս մթնոլորտին մէջ կործանարար ծայրայեղութեան մը կը հետեւին, ինչ որ յղի է աններելի հետեւանքներու։

28 Մայիսին, ինչպէս միւս պետական տօներուն, Հայաստանի մէջ բոլորի ժամադրավայրը կը հանդիսանայ Սարդարապատի յուշահամալիրը։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը նման տօներուն թէ՛ պետական աւագանին եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը միասնաբար կու տային այդ այցելութիւնները։ Վերջին տարիներուն այդ նախընթացը, դժբախտաբար, ընդհատուած է։ Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնները առանձին կ՚այցելեն յուշահամալիրները։

Այս ցաւալի համայնապատկերին վրայ երէկ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մեծ վրդովմունքի պատճառ դարձաւ։ Այսպէս, Հայաստանի ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Սարդարապատի յուշահամալիր մուտքը։ Նորին Սրբութիւնը եւ շքախումբը այս վերաբերմունքին ենթարկուեցան՝ երբ գրեթէ նոյնաժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն դէմքեր կ՚այցելէին Սարդարապատ։ Ի դէպ, երէկ կարգ մը լրատուամիջոցներ պնդած էին, որ Փաշինեան այս տարի պիտի չայցելէր սոյն յուշահամալիրը, սակայն, աւելի վերջ յայտնի դարձաւ, որ այդ աւանդութիւնը պիտի չխախտուէր։ Յամենայնդէպս, Վեհափառ Հայրապետի շքախումբն ալ այդ խոչընդոտները յաղթահարելով հնարաւորութիւն ունեցաւ յուշահամալիր մուտք գործելու։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այնտեղ ծաղկեպսակ զետեղեց եւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ աղօթելէ վերջ հրաժեշտ առաւ։ Ի վերջոյ, այս ամբողջը մեծ ցասում յառաջացուց համայն աշխարհի հայկական հանրային կարծիքին մօտ։

Վարչապետ Փաշինեան այս առաւօտ Հայաստանի Ազգային ժողովի բակէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ երէկուան դէպքին։ Անշուշտ, իր պատասխանի իրաւունքը յարգելի է, սակայն, տպաւորութիւնը այն է, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ ոստիկանութեան վերաբերմունքը պայմանաւորուած է քաղաքական դրդապատճառներով։ Արդարեւ, Փաշինեանի խօսքով՝ ոստիկանները փորձած են պարզել, թէ Վեհափառը երէկ Սարդարապատ մեկնած էր իր կողմէ ղեկավարուած ընդդիմադիր շարժման նախաձեռնած սադրիչ գործողութիւնները շարունակելո՞ւ կամ ոչ։ Վարչապետը յիշեցուց նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր չէ ունեցած այդ արարողութեան մասնակցելու համար։

Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ տեղեկացուց, որ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Եկեղեցի-պետութիւն տեւական լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Կիլիկեան Աթոռը հերթական անգամ զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկուան իրադարձութիւններէն վերջ հրապարակեցին Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Քիչ առաջ իմացանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ ստեղծուած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստան՝ մեր սիրելի հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները թափեցին իրենց արիւնը։ Ինքնաքանդումի եւ ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։ Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես հայրենիքի քանդումին»։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը 28 Մայիսի առթիւ երէկուան պատգամին մէջ ալ յղում կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նախօրէի յայտարարութեան եւ ընդգծեց, որ Կիլիկեան Աթոռն ալ, իր հերթին, հանդէս կու գայ թելադրութիւններով եւ, միեւնոյն ժամանակ, կը դատապարտէ ոստիկաններու կողմէ անհամաչափ ուժի եւ բռնութեան կիրառումը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024