ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ԱՄԵՆԱԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած են միջվարժարանային գիտական մրցոյթի մը ծիրէն ներս։ Այսպէս, դպրոցի գիտական ակումբի սաները մասնակցեցան Համաշխարհային բնապահպանական հիմնարկի (WWF) Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած՝ Բնութեան յառաջատարներու երիտասարդական խորհրդաժողովին։ Դպրեվանքցիներու պատրաստած՝ անձրեւի ջուրերու պահպանման հետամուտ նախագիծը՝ ներկայացուած ընդհանուր 250 ծրագրերու շարքին առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ։ Այսպէս, տղաքը նուաճեցին «Ամենաարդիւնաւէտ ծրագիր»ի մրցանակը։

Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութեան պատճառ դարձաւ վարժարանին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024