ԿԵՑՑԷ՜ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՒՆԸ

Ամէն մարդ իր բողոքը բարձրացնելու տարբեր ձեւերը ունի. մին կը դիմէ քննադատութեան, ուրիշ մը երգիծանքի. մին տրամաբանութեամբ իր «դատ»ը պաշտպանել կը փորձէ, իսկ ուրիշ մը փողոցային կռիւով. գտնուած են սակայն ուրիշներ, որոնք հաւատացած են, որ բողոք մը բարձրացնելու եւ կարծիք մը տարածելու լաւագոյն ձեւը գիր-գրականութիւնն է, որ հակառակ հրապարակախօսութեան ունի աւելի երկար ապրելու յատկութիւն՝ մանաւանդ եթէ գրի առնուած ըլլայ սրամիտ լեզուով մը:

Անկասկած, որ այդ սրամիտ քննադատութիւններէն մէկն է մեր թուականէն 66 տարիներ առաջ՝ 1958 թուականին Նշան Պէշիկթաշլեանի կողմէ գրուած «Արտասանե՞ց թէ չարտասանեց» խորագրեալ կարճ պատմուածքը: Այս գրութիւնը օրին լոյս տեսած է տարբեր մամուլներու մէջ. ոմանք զայն հրատարակած են «երգիծանք» բաժնին մէջ, իսկ ուրիշներ՝ գրական. այդ շփոթը հասկնալի կը գտնենք, որովհետեւ Պէշիկթաշլեան իր երգիծական ոճով յաջողած է թուղթին յանձնել մեր հայկական ցաւերէն մէկը, պատմուածքը ծիծաղաշարժ դարձնելով հանդերձ լուրջ մտածելու առիթ տալով ընթերցողին:

Ըստ պատմուածքին, փարիզահայ միութիւն մը կ՚որոշէ գեղարուեստական երեկոյ մը պատրաստել. որպէս հիւր կը հրաւիրուին երկու երգչուհիներ, ջութակահար, դաշնակահար, բանախօս եւ արտասանող դերասան մը: Արտասանող դերասանը իր «պաղ սենեակ»էն մէկ ժամ առաջ դուրս կու գայ եւ բարեկամի մը հետ առաջանալով հիւրասիրութեան սեղան լաւ մը կ՚ուտէ ու կը խմէ: Այստեղ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ մի քանի նրբութիւններ. ասմունքող դերասանին սենեակը պաղ էր եւ ըստ երեւոյթին անօթի էր. այլ խօսքով՝ թշուառ մըն էր ան. մեր պատմութեան մէջ, ցաւ ի սիրտ, գրեթէ բոլոր դերասաններն ու գրողները ժողովուրդի կողմէ ծափահարուած՝ սակայն նիւթապէս երբեք չեն գնահատուած։ Պէշիկթաշլեան ասմունքող դերասանին նիւթական վիճակին մասին բան մը չ՚ըսեր, սակայն գրութեան մէջ իր փոխանցած փոքր մանրամասնութիւնները կը խօսին այդ դժբախտ իրողութիւններուն մասին եւ այդ մէկն է, որ հարցականի տակ կը դնէ նման գրութեան մը երգիծական ըլլալն ու չըլլալը:

Ասմունքող դերասանը լաւ մը ուտել խմելէ ետք կը թմրի ու կ՚որոշէ մինչեւ ժամը հասնի բեմին՝ քովը գտնուող սենեակի մէկ թիկնաթոռին վրայ քնանալ: Ժամանակ մը քնանալէ ետք յանկարծ անունը կը լսէ եւ ընդոստ կ՚արթննայ։ Միութեան գանձապահը «Եղբայր, ո՞ւր էիր ժամերէ ի վեր քեզ կը փնտռէի» ըսելով կ՚երկարէ պահարան մը՝ խոստացուած գումարը մէջը: Ասմունքող դերասանը պահարանը ձեռքին շփոթի կը մատնուի. կը տեսնէ, թէ ժողովուրդը լեցուած է, յայտագիրը արդէն իսկ սկիզբ առած է, սակայն չի՛ յիշեր, թէ ինք արտասանեց թէ ոչ... այս հարցին պատասխանը գտնելու համար նախ գումարը գրպանը կը դնէ, ապա երեսը կը լուայ եւ կ՚անցնի ստուգման, հասկնալու համար թէ արտասանած է, թէ ոչ. իսկ եթէ արտասանած է, ժողովուրդէն ինչպիսի՞ ընդունելութիւն մը գտած է:

Ասմունքող դերասանը վարանումով կը մօտենայ պարողները դիտող անձի մը եւ կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս արտասանեց. ժողովուրդը գոհ մնա՞ց. սակայն դիմացինը անտարբերութեամբ կը պատասխանէ. «Կը կարծես որ ես ուրիշ բան-գործ չունիմ եւ քու արտասանութիւնո՞վդ կը զբաղիմ, ինչպէս կ՚ուզես այնպէս արտասանէ»: Ասմունքողը կը պնդէ, որպէսզի նուազագոյնը ըսէ, թէ ինք արտասանած է թէ ոչ. սակայն նոյն անտարբերութեամբ «Կ՚ուզես արտասանէ, կ՚ուզես մի արտասաներ», պատասխանը կ՚առնէ: Պնդումներուն վրայ կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը. «Ես քենէ արտասանութիւն մը լսեցի, բայց չեմ յիշեր, թէ ա՞յս երեկոյթին էր, թէ՞ տարի մը առաջուան երեկոյթին...»:

Յուսահատ կը հարցնէ ուրիշի մը եւ կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը. «Իմ սովորութիւնս է հանդէսի մը ճառն ու գեղարուեստական բաժինը լմննալէ յետոյ միայն մտնել սրահ, այսինքն երբ պարերը կը սկսին»։ Այսպէս զանազան մարդոց հարցնելէ ետք մին հարց կու տայ, թէ արտասանութեան համար սահմանուած գումարը ստացա՞ւ. եթէ այո, ապա ինչո՞ւ համար կը հետաքրքրուի արտասանեց թէ չէ... հիմնականը գումարը ստացած է:

Մի քանի վայրկեան ետք բարեկամ մը մօտենալով կը շնորհաւորէ եւ կ՚ըսէ, թէ այդ ի՜նչքան լաւ արտասանեց... արտասանողը կասկածով կը հարցնէ, թէ ո՞ր կտորը ասմունքեց. խօսակիցը չի՛ կրնար պատասխանել եւ կը պարզուի, թէ այդ գովասանքը կ՚ընէ մտածելով, թէ արտասանած ու գումարը ստացած պէտք է որ ըլլայ, հետեւաբար պարտքի դրամ կը խնդրէ:

Այս պատմուածքը մեր հայկական իրականութեան դժբախտ մէկ երեսը կը պարզէ. ճշմարտութիւն է, որ մեր հայկական գաղութներն ու միութիւնները ո՛չ հայկականութեամբ, ո՛չ ասմունքով եւ գրականութեամբ եւ ոչ ալ արուեստով հետաքրքրուած են. անոնց կեդրոնացումը կեր ու խումն է, քէֆն ու պարը. անոնց համար բեմի վրայ արտասանուած ճառերն ու ասմունքները պարզապէս ակամայ աւանդութիւն մըն են, որ ոչ ոքի հետաքրքրութիւնը կը շարժէ: Այս պատմուածքը կը պարզէ այն վիճակը, թէ կարեւորը պարը, քէֆը եւ ստացուած գումարն է շատ շատերու համար. անոնց մէջ հայկականութիւնը բարձրացնող զգացական ու բարոյական ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի. այս դժբախտ կացութեան դիմաց պատմուածքին ամենէն կարեւոր մասը վերջաբանն է, ուր ասմունքողը ճամբան քալելով կը մենախօսէ.

«Մենք, հայերս, իբրեւ տառապած ժողովուրդ, ամենէն աւելի արժանի ենք քունի: Հայ արուեստագէտը աւելի քան: Անբախտ ժողովուրդ ենք, քնանանք որ մեր բախտը արթննայ: Կեցցէ՜ քունը: Մենք քունին կը վայլենք, քունն ալ մեզի կը վայլէ: Ամէն փորձանք կը սկսի երբ կ՚արթննանք: Կեցցէ՜ ազգային քունը, որ խաղաղութիւն է, մեր միակ միութիւնը, համաձայնութիւնը եւ մեր սնունդը, հաճոյքն ու հանգիստը...»:

Ու կարծես այդ քունը կը շարունակուի մինչեւ օրս... կեցցէ՜ քունը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ որոշ մանուկներ շուտ, իսկ ուրիշներ ուշ կը սկսին խօսիլ:

Պատասխան. Մանուկները տարբեր ժամանակներու կը սկսին խօսիլ եւ այդ երեւոյթին մէջ դեր ունի միջավայրը, զարգացման անհատական կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ ժառանգական կողմը: Շրջակայ միջավայրը մեծ ազդեցութիւն ունի մանուկներու առաջին խօսակցական փորձերուն մէջ. այն մանուկները որոնք հասակ կ՚առնեն միջավայրի մը մէջ, ուր հարուստ են լեզուական փոխյարաբերութիւնները, աւելիով կը զարգացնեն իրենց լեզուական հմտութիւնները: Պէտք է նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի իր ճանաչողութեան, զարգացման, լսողութեան զարգացումները եւ այդ բոլորը կ՚ազդեն, որպէսզի մանուկը սկսի խօսիլ ու դուրս տալ իր առաջին բառերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024