«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած «Առաջնորդ»ը յաջողեցաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Պարախումբը յայտագիրը գործադրեց՝ ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու։ Բոլորն ալ արժանացան ջերմ ծափողջոյններու։ Հուսկ, հանդիսատեսները, որոնք վառ տպաւորութիւններ ունեցան, բարձր գնահատեցին «Առաջնորդ»ի կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024