ԱԶԳԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երէկ, 15 Յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս հրաւիրուած էր այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին թրքահայութեան անունով ողջունեց նախագահ Էրտողանն ու պետական աւագանիէն անդամներ։ Մայրաքաղաք ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
15 Յուլիսի առթիւ երկրի գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերու ղեկավարները հրապարակեցին պատգամներ։ Մայրաքաղաքի բացօթեայ ելոյթին ժամանակ Էրտողանն ալ շեշտեց, որ ութ տարի առաջ 15 Յուլիսին իրականութեան մէջ թիրախաւորուած էր ամբողջ երկիրը՝ 85 միլիոն բնակչութեամբ։ Թիրախաւորուած էին պետութեան յարատեւութիւնը եւ այն եղբայրութիւնը, որ դարերէ ի վեր կանգուն կը պահէ զայն։
«104 տարի առաջ արար աշխարհին դիմադրելով յաղթանակած նահատակ խորհրդարանը ծաւալապաշտներու խամաճիկները կասեցուց նաեւ 15 Յուլիսի դաւադրութեան ժամանակ», ըսաւ Էրտողան։
Անգարայի հաւաքոյթը կազմակերպուած էր «Ազգին յաղթանակը» կարգախօսով։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024