ՄՇԱԿՈՅԹ, ԱՌՕՐԵԱՅ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ IQ
Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ծաւալեցան հաւաքականութիւններու մտային, իմացական, գիտակցական եւ մշակութային տարողութիւնները եւ անոնց հետ առընչուած կիրառական աշխարհը: Կը նկատենք, որ ներկայիս մարդիկ հաւաքականօրէն աւելի խելացի են, ուշիմ ու բաց։ Եւ բնականաբար, այդ մէկը մեր ժամանակներուն հիմնական յատկանիշներէն մէկն է: Ներկայիս հաւաքական կերպարի բնութագրումը դժուար թէ շատ տարբերի ամերիկացիին, եւրոպացիին, ասիացիին եւ ափրիկեցիին մօտ։ Մինչ այդ մէկը կը մտահոգէ հակահամաշխարհայնացման դէմ եղողները՝ իր անպատեհութիւններով կամ պատճառած վնասներով, սակայն անոր դրական արդիւնքներն ալ չենք կրնար զանց առնել: Մարդկութիւնը իր հաւաքականութիւններով, ժողովուրդներով ու կառուցած պետութիւններով-կայսրութիւններով՝ որքան ալ հին դարերուն եղած ըլլայ փակ ու կառչած տեղայնութեան մը, ան ամէն տեղ մշտապէս թաքոյց կամ անթաքոյց մեծ ձգտման մէջ եղած է բացուելու, համայնական ընդելուզման եւ հասանելիութեան: Նոյնինքն աստղագիտութիւնը վառ ապացոյցն է մարդկային մտքին՝ ո՛չ միայն ներմոլորակային հասանելիութիւն ապահովելու իմաստով, այլեւ տիեզերքը պեղելու եւ հասնելու նոր հեռաւորութիւններու: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ շատ անգամ կը հանդիպինք այսպէս ըսած՝ հրամցուածութեան. օրինակ՝ անվերջանալի ու տեւական փոխուող գովազդային վիտէօներ, ամէնօրեայ ելեկտրոնիկ ցուցապաստառներ եւ խելացի հեռաձայներէն ամէն վայրկեան սփռուող ընկերային, մշակութային, կենցաղային... լուրեր, որոնք հաւանաբար ճաշակ ու ապրուստ կը ձեւակերպեն կամ մեզ կը մղեն ընտրանքներով նայելու աշխարհին: Այո, այս բոլորը կրնայ համարուիլ մեր ազատութիւնը սահմանափակող, կաշկանդող կա՛մ տեղ մըն ալ մեզ թունդ սպառողի վերածող, բայց ասոնք կը պատահին բացուածութեան մը արդիւնքով: Դժուար է պատկերացնել ընկերվարական համակարգով բաց աշխարհ մը, ուր ժողովուրդներու մշակոյթներուն հրամցուցածները վեր դասուին տնտեսական հաւասարութենէն: Ներկային կատարուածը, հաւանաբար, շատ կատարեալ համադրումը չէ մշակութային առանձնայատկութիւններու գոյակցութեան դրամատիրականութեան հետ, բայց նկատելի է, որ ազգային ու պետական մշակոյթները իրենց ներկայացման եղանակներով աւելի համակերպուած կը զգան իրենք զիրենք ներկայ աշխարհի տնտեսական դասաւորման մէջ: Եթէ ետդարձ մը կատարենք դէպի 17-րդ դար, ո՞վ տեղեակ էր, օրինակ՝ ինտոնէզիական, մալէզիական կամ նոյնիսկ արաբական-հրէական մշակոյթներէն եւ այդ մշակոյթներու ենթաբաժանումներով դրսեւորուած (կամ հոս կրնանք ըսել նոյնիսկ մեր դարու տարազաւորմամբ կատարելագործուած) օրինակի համար՝ ճաշերէն, հանդերձանքէն, շինարարութիւններէն եւ այլն:
Կայ յստակ իրողութիւն մը, որ մեր դարը աւելի գովազդային է, թէեւ այդ մէկը ինչպէ՞ս եղաւ, ի՞նչ էին նպատակները կամ ովքե՞ր ծրագրեցին այդ վիճակին հասցնելու՝ երկար նիւթ է: Ժողովուրդները, այո, մշտապէս հակուած են յարմարուելու եղած կամ տրամադրուած-պարտադրուած պայմաններուն, բայց ինքնին մեծ այս դարու շուքին տակ ժողովուրդները մեծ զարթօնքներու մէջ են, ինչքան ալ կարգ մը վերլուծաբաններ չեն ուզեր նկատել՝ ժողովրդային կամքն ու կամակատարութիւնը՝ դէպքերու, իրադարձութիւններու կերտման մէջ:
Կամայ թէ ակամայ, հաւաքական գիտակցութիւնն ու IQ-ն ամէն տեղ բարձրացաւ, բայց այդ չի նշանակեր, որ ժողովուրդները կրցան ինքնակերտօրէն կազմակերպուիլ ու զարգանալ, այդ մէկը ուրիշ հանգանակներու հետ կապուած է եւ ինքնին ինքնակազմակերպուածութեան հասանումն ու իրագործումը, հաւանաբար, ամենամեծ նուաճումներէն մէկն է մարդկային հաւաքական գոյակերպին համար:
Ժողովուրդներու հաւաքական գիտակցութեան բարձրացումը յանգեցուց ինքնաքննադատման եւ բազմաթիւ ազգեր շրջանցնեցին այն բարդոյթները, որոնք իրենց ձախողութիւնները կը վերագրէին գաղութատիրութեան եւ մեծ դաւադրութիւններու։ Եւ այդ ժողովուրդները լծուեցան լուրջ ու անմնացորդ աշխատանքի եւ արձանագրեցին անհաւատալի արդիւնքներ. ինչպէս՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սինկափմւրն ու Քամպոտիան եւ այլն: Չենք կրնար դրժել, որ այդ երկիրներուն հանդէպ միջազգային եւ, առաւելաբար, ամերիկեան արտօնութիւնն ու բարեմասնական քաղաքականութիւնը դիւրացուցին անոնց պարտականութիւնը, բայց միաժամանակ ինքնեկ կազմակերպուելու ձգտումը անուրանալի էր նմանատիպ պետութիւններու մօտ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024