ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ կու տայ խոնարհութիւնը մարդուն:
Պատասխան. Նախորդող մեր այս շարքին մէջ մի քանի անգամ անդրադարձած ենք խոնարհութեան, առաջնորդուելով Սողոմոն Իմաստունի բազմիցս խոնարհութեան մասին անդրադառնալուն վրայ: Այսօր եւս պիտի խօսինք խոնարհութեան մասին, քիչ մը տարբեր ձեւով:
Աշխարհիկ հասկացողութեամբ խոնարհութիւնը տկարութեան եւ թուլութեան նշան ու խորհրդանիշ է եւ այդ պատճառով, յաճախ ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս խոնարհ մարդիկ անարգանքի կ՚ենթարկուին, ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դառնան: Ա՛յս՝ աշխարհի հասկացողութեամբ, որ ապաբարոյական է եւ հաստատուն չէ: Մարդուն համար, սակայն, առաջնային ու էական պէտք է ըլլայ աստուածային հասկացողութիւնը, որու շտեմարանն է Աստուածաշունչ մատեանը: Մարդ իր բոլոր հարցերուն եւ խնդիրներուն պատասխանն ու լուծումը Աստուածաշունչին մէջ պէտք է փնտռէ: Խոնարհութեան այս մօտեցումի պարագային Աստուածաշունչը առակագիրին միջոցով յստակ կերպով կը յայատարարէ, թէ՝ «խոնարհութիւնը եւ Տիրոջ երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են» (Առ 22.4): Պարզ եւ յստակ:
Այստեղ, սակայն, պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք նուրբ խնդիրի մը, որն է Տիրոջ երկիւղը: Այսօր աշխարհի մէջ բազմաթիւ խոնարհներ կան, որոնք խոնարհութիւնը սովորութեան կամ կեանքի կենսակերպի վերածած են, որով կը փորձեն իրենց շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւել եւ գովասանք լսել իրենց այդ կեցուածքին համար: Բնականաբար, այսպիսի խոնարհութիւն մը մարդուն հոգիին ոչինչ կու տայ:
Իսկական խոնարհութիւնը միշտ իրենց ընկերակից կ՚ունենայ Տիրոջ երկիւղը, որով մարդս կ՚առաջնորդէ. աւելին՝ կը մղէ մարդասիրութեան: Խոնարհ մարդը ա՛ն է, որ ինքն իրեն համար խոնարհ չէ, այլ՝ Աստուծոյ եւ մարդոց համար: Աստուծոյ եւ մարդոց համար խոնարհ ըլլալ, կը նշանակէ Աստուծոյ փառքին եւ մարդոց օգուտին համար աշխատիլ եւ նպաստել, որպէսզի Աստուծոյ կամքը աշխարհի վրայ իրագործուի:
Խոնարհութիւնը անգտանելի հարստութիւն մըն է: Մարդ եթէ յաջողի ձեռք ձգել այդ հարստութիւնը, ապա իր կեանքը կը ծաղկազարդուի ամէն տեսակի բարութիւններով ու առաքինութիւններով, աւելին՝ Աստուած այդպիսիին ընթացքը կ՚օրհնէ:
Յաճախ խօսուած ու գրուած է խոնարհութեան մասին եւ տակաւին շա՜տ պիտի գրուի: Այստեղ մեր ընթերցողներուն մէկ երկու մտածումներ կը ներկայացնենք խոնարհութեան մասին: Այսպէս.
• Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.
- Խոնարհութիւնը բարձր պարիսպ է, երանեալ է այնտեղ կացարան գտնողը:
Խոնարհութիւնը անմեղներուն օրհնութիւններով կը լեցնէ եւ Երկնային Արքայութեան մէջ լուսաւոր ապարանքի ժառանգորդներ կը դարձնէ:
Այն՝ Աբէլին Աստուծոյ հաճոյ զոհ դարձուց:
Այն՝ Ենովքին երկինք տարաւ եւ ցայսօր ան մահ չէ ճաշակած:
Այն՝ Նոյին փրկեց ջրհեղեղէն ու ան ջրհեղեղի ջուրերուն մէջ չապականեցաւ:
Այն՝ Մելիքսէդէկին Աստծոյ քահանայ դարձուց:
- Խոնարհութիւնը Աբրահամին Աստուծոյ ընկերը եւ երկնային ընթրիքին առաջին բազմողներէն մէկը դարձուց:
Հեզութիւնը փրկեց Իսահակին զոհ մատուցուելէ:
Յակոբին՝ օրհնութիւններու ժառանգորդ դարձուց:
Յովսէփին՝ արքայութիւն պարգեւեց:
Մովսէսին՝ լուսապսակով զարդարեց:
Ահարոնին՝ քահանայապետ դարձուց:
Յեսուին՝ ժողովուրդի առաջնորդ:
Դաւիթին՝ թագաւորութիւն պարգեւեց:
Գեդէոնին՝ յաղթանակ:
Նեփթաղիմին՝ դիւցազնական ամրութիւն:
Եզեկիային՝ փրկութիւն:
Եղիային՝ երկինք հանեց:
Եղիսէին՝ հոգի տուաւ:
Սամուէլին՝ օծման եղջիւր:
Եսայիին՝ վսեմ տեսիլքներ:
Յովնանին՝ ծովէն հանեց:
Մէկ խօսքով, խոնարհութիւնը կը փառաւորէ սուրբերուն թէ՛ վաղնջական, թէ՛ նոր ժամանակներուն:
- Խոնարհութիւնը Արքայութեան ուղին է, երկնային դուռը, երկնային այգին, քաղցրաւենիքին սեղանը, բարիքներու սկիզբը, օրհնութիւններու աղբիւրը, ապաւէնը, որը յուսախաբ չ՚ըներ իրեն դիմողներէն եւ ոչ մէկուն: Անով կը մաքրուին մեղաւորները, կ՚արդարանան յանցաւորները, ճշմարիտ ուղի կը վերադառնան մոլորեալները, կը փրկուին կործանուածները, կը փառաւորուին մարտնչողները, կը պսակաւորուին յաղթանակողները:
• Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ.
- Առաքինութիւնները Աստուծոյ սիրտին դուռը կը բախեն, բայց խոնարհութիւն է որ զայն կը բանայ:
• Անանիա Նարեկացի Վարդապետը կը գրէ.
- Խոնարհութիւն է, երբ մարդիկ կը փառաբանեն քեզ եւ պարգեւներ կու տան, սակայն դուն քու անձիդ արժանիքներուն չես վերագրեր, այլ՝ զԱստուած կը փառաբանես, Աստուծմէ կը գոհանաս ու կ՚ըսես, թէ՝ այդ ամէնը Քու ողորմութենէդ է եւ ոչ թէ իմ արժանիքներէս, ինչպէս Սողոմոնը կ՚ըսէ. «Որքա՜ն ալ մեծութեան հասնիս, դուն քեզ խոնարհ պահէ, եւ այդպիսով շնորհք եւ ողորմութիւն կը գտնես Աստուծոյ առջեւ»:
• Պաիսիոս Աթոսացին կը գրէ.
- Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 105
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024