ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարուան Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը կը բնորոշուի Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջը կ՚անցընէ Վաքըֆլըգիւղի մէջ, ուր այսօր յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ՝ անցեալ տարի երկրաշարժէն վնասուած գողտրիկ եկեղեցւոյ յետ վերանորոգութեան օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Վաղն ալ, տաղաւարի օրը, կը մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իսթանպուլէն Հաթայ մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներու։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակիցներու շարքին են նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջանորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները։ Հարկ է նշել, որ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդը իր զօրակցութիւնը չէ զլացած Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրէն։ Բաց աստի, ուխտագնացութեան կը մասնակցի նաեւ «Պարնապաս» հիմնարկէն քորեպիսկոպոս Փաթրիք Սուխտէյօ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ընկերակիցները Հաթայ հասնելէ վերջ դիմաւորուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Օրուան տեւողութեան յատկանշական իրադարձութիւն մըն էր՝ Ս. Պետրոսի քարյարը տրուած այցելութիւնը։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ Հաթայի կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըի կողմէ։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին ան կուսակալին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրը կեանքի կոչելու ճանապարհին ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին համար։
Օրուան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները հասան Վաքըֆլըգիւղ, ուր երկրաշարժի պատճառած փլուզումը տակաւին ամբողջովին թէեւ չէ յաղթահարուած, սակայն, տաղաւարի եւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան աւանդութեան վերականգնման բերումով որոշ ոգեւորութիւն մը զգալի է։ Բոլորը համոզուած են, թէ գիւղի գողտրիկ աղօթատեղիի վերականգնումը արդէն ընդհանուր վերականգնման աւետիսը կը համարուի։ (Լուսանկարը՝ կուսակալութենէն)