ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի սպասաւորներէն տիրացուի Կարէն Սրկ. Համամճեանն ու իր հայրը՝ Համօ Համամճեանը։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Իշխանաց կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Այսպէս, հիւր սարկաւագը յուլիսին ժամանած էր քաղաքս եւ կեցութեան աւարտին փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն մը տալ Նորին Ամենապատուութեան ու ստանալ անոր օրհնութիւնը։ Ան իր երախտիքը յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ ընդառաջելով Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խնդրանքին, ընդուած էր Կարէն սարկաւագի ժամանումը եւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կեցութիւնը։ Այս շրջանին հիւր սարկաւագը Ս. Ներսէս ճեմարանի շրջանաւարտութենէ յետոյ, Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ մէջ առիթն ունեցած էր հովուական, մշակութային եւ ծիսական փորձառութիւն ձեռք ձգելու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եկեղեցական ու ազգային հաստատութիւններուն ծանօթանալու։ Ան յայտնեց, որ Պոլսոյ մասին վառ տպաւորութիւններով կը վերադառնայ եւ խնդրեց Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։
Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց տեսնելով, թէ Կարէն սարկաւագի կեցութիւնը օգտակար եղած էր իրեն համար։ Վստահութիւն յայտնեց, թէ այս կարճ շրջանը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ իր ծառայութեան կապակցութեամբ։ Ամրան շրջանին բազմիցս առիթն ունեցած էր զինքը տեսնելու եկեղեցւոյ համալիրին մէջ եւ լսելու իր տպաւորութիւնները։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր ողջոյնները փոխանցեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ Ս. Ներսէս ճեմարանի տեսչութեան՝ մաղթելով նաեւ, որ Կարէն սարկաւագը Ամերիկայի մէջ ունենայ օգտաշատ ծառայութիւն։