ԻՆՔԶԻՆՔ ՄԻՆԱԿ ԶԳԱԼ…

Աշխարհի վրայ ինքզինք մինակ կարծել եւ այդպէս զգալ, ամենէն ջլատող եւ յուսահատեցնող պարագան է, որ կրնայ մարդս ամենէն գձուձ վարմունքի, ամենէն աղտոտ հաշիւներու առաջնորդել։ Ուստի, աշխարհի վրայ ինքզինք մինակ եւ լքուած զգացող մարդուն համար միջոցները ա՛լ կը դադրին օրինաւոր ըլլալէ, եւ կիրքերու անսանձ բերումին կը հպատակեցնեն։

Մինակ զգալու հոգեվիճակին մէջ մարդ նոյնիսկ իր արժանիքը կը կորսնցնէ, քանի որ բոլոր երեւոյթներուն եւ իրողութիւններուն մէջ իրմէ զատ ոչնչութիւն միայն կը տեսնէ։ Արդարեւ, «մինակ զգալ»ու հոգեվիճակը իր շուրջինները ուրանալ, անտեսել կ՚ենթադրէ, ինչ որ շատ ալ առողջ հոգեկան վիճակ մը պէտք չէ նկատել, քանի որ մարդուն շուրջ միշտ մէկը կը գտնուի… եւ այս իմաստով ինքզինք «լքուած» զգալ բնական զգացում մը չէ՛։ Բայց ան որ այդ հոգեվիճակին մէջ է՝ տիեզերքի մեծ վայելչութիւնը կը դադրի իրեն համար Աստուծոյ վկան ըլլալէ, անձին յարգանքը կը պակսի, իր դիտողութիւնները կը դադրին իրեն խօսելէ, մէկ խօսքով կը ցամքին իր սրտին «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» եւ կը մարի իր բարոյականութեան հոգեւոր ծարաւը։

Եւ ահաւասիկ, այն որ այս հոգեվիճակին մէջ է՝ մոլութիւնները կը պատեն զինք, եւ հանդարտ խղճի պասուքը, այսինքն՝ պապակը, բուռն ծարաւը եւ ապրելու փափաքը իր կոկորդը կը սեղմէ։ Այդ կացութեան մէջ ինկածներուն Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինծի եկէ՛ք»։

Հրաւէր մը՝ զոր իրմէ առաջ ո՛չ ոք ըրած էր ա՛յնքան, փրկութեան պայման մը՝ զոր իրմէ առաջ ո՛չ մէկը առաջարկած էր մարդկութեան։ Եւ Յիսուս ա՛յսօր ալ եւ միշտ մեզ իրեն կը հրաւիրէ, քանի որ Ան միշտ հաւատարի՛մ է Իր խոստումին։

Արդարեւ, Յիսուսին երթալ՝ Իր հրաւէրին անսալ կը նշանակէ՝ «Իրեն նմանիլ», եւ իրեն նմանիլը մաքուր սիրտ, ազնիւ հոգի ունենալով միայն կարելի կ՚ըլլայ։

Եւ ո՜րքան դժուարին է իրականացնել այդ պայմանը սա մեր հաշիւի եւ աշխարհասիրութեամբ համակուած դարուն մէջ։ Ուստի, ատելութեամբ, ոխակալութեամբ եւ հակառակութեամբ լեցուած մարդոց համար ո՜րքան դժուար է գործադրութիւնը այս պայմանին։

Երբ «երթանք Յիսուսի», զոհողութիւնը պիտի դիւրանայ, եւ կարելի պիտի «ներքին մարդ»ը մաքրել եւ հոգիները կենդանի Աստուծոյ տաճարներ շինել։ Ասիկա անհրաժե՛շտ պահանջք մըն է՝ եթէ այս պահանջքին գոհացում տալու համար. «Մեր անձին շահը բաւական չէ՛, ուրիշներուն շահուն վրայ խորհինք»։

Սա յստակ է՝ որ մենք մինակ չենք աշխարհի վրայ, մեզի հետ ապրողներ կան մեր շուրջը, հետեւաբար մեր սրտի մաքրութիւնը, հոգիի ազնուութիւնը եւ խղճի հանդարտութիւնը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն մեր բարոյական, այլ եւ ուրիշներուն երջանկութեան։

Եթէ մեր իրաւունքներէն ձեռք քաշելու ազատութիւնը ունենալ կը խորհինք, պէտք է խորհինք միեւնոյն ժամանակ, թէ մեր անձը մէկ օղակն է այն մեծ շղթային՝ զոր մարդկութիւնը կը ձեւացնէ, մենք ուրիշներուն ալ կը պատկանինք։ Մեր մոլութիւնը եթէ մէկ կողմէն մեզ կը ստորնացնէ, միւս կողմէ կը վտանգէ նաեւ մեր նմաններուն՝ մեր եղբայրներուն բարոյական կեանքը, եւ կը խանգարէ ընդհանուր ընկերութեան առողջ կացութիւնը։

Բարոյական ինկածութիւնը ժանգի կը նմանի, շուտով կը փոխանցուի ամէն անոնց՝ որոնք իրեն հետ շփման մէջ կը գտնուին։

Ցաւալի է ըսել, թէ մարդկութիւնը, ընդհանրապէս տակաւին բարոյական բարձրութեան չէ՛ հասած եւ չէ պատահած այն, ի՛նչ որ մարդ կրնար ըլլալ այդ բարձրութեան վրայ եւ մանաւանդ հասնիլ հոն՝ ուր որ բուն նպատա՛կն է կեանքին։

Մարդուն երջանկութիւնը կախում ունի իր նմանին երջանկութենէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024