ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ Գումգաբու փութացած էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ ստացաւ եւ օրհնեց խորհուրդին աշխատանքը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024