«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը Նոր տարին կը դիմաւորէ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մարալցիները շաբաթավերջին Ամանորի աւանդական խրախճանքին համար համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ։ Համոյթի փոքրիկ անդամներուն տեսակէտէ բացառիկ ոգեւորութեան առիթ մը դարձաւ այս խրախճանքը։ Նկատի ունենալով, որ համոյթը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 45-ամեակը, «Մարալ»ի ընտանիքին տեսակէտէ նոր տարին կը նշանակէ նաեւ յոբելենական շրջանի սկիզբ։
«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան թէ՛ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին համոյթի փոքրիկներուն նկատմամբ եւ թէ իրենք ալ բոլորին կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Խրախճանքի ընթացքին հնչեցին ելոյթներ, որոնց ընդմէջէն բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ ընդգծեցին արդիւնաւէտ աշխատանքի նոր շրջանի մը ակնկալութիւնը։