ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը աւարտեց իր շփումները Պոլսոյ մէջ։ Ան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան՝ Արքեպիսկոպոսարանի Պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի իշխանական նշաններու տուչութեան եւ այդ պաշտօնին մէջ վերահաստատման արարողութեան առթիւ։ Այցելութեան ծրագրի եզրափակիչ փուլին հիւր կաթողիկոս-պատրիարքը այցելեց Շիշլիի գերեզմանատունը՝ ընկերակցութեամբ Գազանճեան Գերապայծառի։ Հայ կաթողիկէ կղերի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները դիմաւորուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն այլ ներկայացուցիչներու կողմէ։ Կատարուած ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգին զուգահեռ՝ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. գերեզմանատան առանձին հատուածէն ներս իր յարգանքը մատոյց՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներու յիշատակին առջեւ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2025