ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ զուգադիպեցաւ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի վեցերորդ օրուան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Ծնունդին արարողութիւն տեղի չէր ունեցած այս եկեղեցւոյ մէջ՝ ուստի, շաբաթավերջի Ս. Պատարագը եղաւ տաղաւարի տօնախմբութեան համազօր։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ուխտաւորներ մասնակցեցան արարողութեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Պատարագիչ տէր հայրը խօսեցաւ խրատական մը, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Կրօնական արարողութիւններու վերջին փուլին տեղի ունեցան տնօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Հուսկ, Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց բոլոր հաւատացեալները՝ մանաւանդ, որ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ծննդեան տարեդարձին առթիւ պատրաստուած էր կարկանդակ մը։ Նոյն առթիւ նշուեցաւ նաեւ թաղային խորհուրդի անդամներէն կրթական մշակ Մարալ Էպէօղլու Սաթարի տարեդարձը։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։