ՍԱՐԳԻՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ «ՓԱՐՈՍ»Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Փա­րոս» հան­դէ­սը ե­րէկ ի­րի­կուն կա­յա­ցած հան­դի­սու­թեամբ մը նշեց հրա­տա­րա­կու­թեան չոր­րորդ տա­րե­դար­ձը։ Այս առ­թիւ, Իս­թան­պու­լի մօտ Յու­նաս­տա­նի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տո­սու­թեան «Սիս­մա­նոկ­լիօ Մե­կա­րօ» կեդ­րո­նին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ա­նուա­նի գե­ղան­կա­րիչ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ կո­չուած է «Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ» ա­նու­նով։

Սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էին Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Պար­թո­լո­մէոս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, ՍԾՏՀԿ­-ի Իս­թան­պու­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան եւ իր խորհր­դա­կա­նը՝ Ի­կոր Մու­րա­տեան, Իս­թան­պու­լի մօտ Յու­նաս­տա­նի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տոս Է­վան­կե­լոս Սե­քե­րիս, հայ եւ յոյն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ։ Պա­տուոյ հիւ­րե­րու կար­գին էին նաեւ հան­գու­ցեալ գե­ղան­կա­րիչ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի դուստ­րը՝ Զա­րու­հի Մու­րա­տեան եւ թո­ռը՝ Ա­րա Ճա­ղա­րեան, ո­րոնք ժա­մա­նած էին Ե­րե­ւա­նէն։

Այս առ­թիւ սրտի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Է­վան­կե­լոս Սե­քե­րիս, «Փա­րոս»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Մայ­տա Սա­րիս եւ Զա­րու­հի Մու­րա­տեան։ Յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ նաեւ բա­րե­րար Պերճ Կուր­տի­կեա­նին։

Հարկ է նշել, թէ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 18-ը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015