Մտորումներ՝ ԳՈՀԱՐ Երաժշտախումբի Համերգաշարի Աւարտին
Անցնող շաբաթավերջը ապահովաբար յիշարժան պիտի մնայ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ՝ շնորհիւ Կիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտախումբին պարգեւած երաժշտական մեծ ու որակեալ մատուցումին:
Իսկ հիմա, երբ երաժշտական որակական չափանիշներու յարգումով, կազմակերպական նշանակալից ու օրինակելի մտայղացմամբ ու իրագործումով, մատուցման ձեւի բծախնդիր ու նորարար արտայայտութեամբ զարդարուն համերգաշարը հասաւ իր աւարտին ու հայրենի երգիչներն ու նուագածուները իրենց կարգին իրենք ալ անմոռանալի յուշերով ու նոր ոգեւորութեամբ վերադարձան հայրենիք՝ քանի մը մտորումներ կ՚արժէ առանձնացնել:
Ա. ԳՈՀԱՐ-ի լիբանանեան յաղթարշաւը եկաւ ժխտելու վերջին ժամանակներուն ձեւաւորուած անարմատ այն տեսակէտը, որ նոր սերունդը տարուած է մեր տուները անարգել կերպով ներխուժած օտարամուտ ազդեցութեամբ, անդէմ ու անսնունդ ժամանցային երգերով միայն: Ամէն ժամանակաշրջան իր հանրամատչելի երգերը ունի անկասկած, որոնցմով մարդիկ կ՚ապրին ու կ՚ոգեւորուին, սակայն այդ երգերէն շատերը շուտով կը կորսնցնեն իրենց ժողովրդականութիւնն ու հմայքը եւ կը դատապարտուին մոռացութեան: Կը մնան միայն վաւերական արժէք ներկայացնողները, որոնց նմաններով ալ կազմուած էր չորս օրերու համերգային երգացանկը: ԳՈՀԱՐ-ի համերգներուն ծովածաւալ ներկայութիւնն ու հայրենի հեռատեսիլին առջեւ գամուած հոծ բազմութիւնը անգամ մը եւս շեշտակի կերպով հաստատեց, որ հայ երգը իր դիրքերը չի՛ զիջիր ժամանակի ալաթուրքա թէ ալաֆրանկա ապազգային ազդեցութիւններուն ու, առաւել եւս, հայ երիտասարդը չի՛ լքեր հայ երգը եւ դէպի անոր ոգեղէն, հարուստ, խորախորհուրդ ու անսահման տարածութիւնները առաջնորդուելու պարագային, կրնայ նորոգել իր ինքնութիւնն ու հպարտանալ անով:
Բ. Ակներեւ եղաւ ԳՈՀԱՐ-ի՝ բոլոր ճաշակները գոհացնող եւ հայ երգի գրեթէ բոլոր բնագաւառները ընդգրկող լայն երգացանկը, եւ ինչ որ աւելի կարեւոր ու արժէքաւոր է, հայ հնադարեան թէ ժամանակակից երգերը մատուցուեցան արհեստավարժ մարդոց կողմէ մշակուած ու նուագագրուած նոր տարազով մը, ինչ որ ԳՈՀԱՐ-ի երաժշտական ձեռագիրը կը դարձնէ առաւել իւրայատուկ ու բազմաբովանդակ: Հայ դասական երգերէն մինչեւ ժողովրդական, գուսանա-աշուղական, հայրենասիրական թէ էսթրատային ժամանակակից երգերու մատուցումը կը կրէր բարձր ճաշակի ու հմտութեան դրոշմ մը:
Գ. Գէթ անգամուան մը համար հայ երգին տրուեցաւ լսատեսողական արդի հնարքներով յագեցած բազմաշռայլ մատուցման մը արդար իրաւունքը: Արհեստագիտութեան բարիքներով ողողուն մեծաթիւ համերգային շոուներ շատ կան տարբեր երկիրներու մէջ: Արհեստագիտութիւնը շատ յաճախ կրնայ անճաշակ ու ցած որակի երգերուն տալ որակական յատկանիշներով օժտուած ըլլալու խաբկանքը: Իսկ հայ երգը ինքնին այնքան գեղեցիկ է, որ ունկնդիրը իրմով առինքնելու համար թէեւ կարիք չունի յաւելեալ պերճանքի, սակայն ո՞րն է լուսառատ ու գունեղ նոր պարունակի մը մէջ չներկայացուելու իր մեղքը… այս պարագային բարձր ճաշակով ու բծախնդիր մօտեցումով մշակ-ւած եւ իրագործուած այս համերգաշարին բեմական արդի արտայայտութիւնը նոյնպէս աննախընթաց է ու բարձրօրէն գնահատելի:
Դ. Եւ ի վերջոյ չմոռնանք, որ ԳՈՀԱՐ կու գայ Կիւմրիէն: Կիւմրին, որ մեր արդի պատմութեան ոչ հեռաւոր անցեալին աղէտալի կացութեան մէջ էր, ահաւասիկ ԳՈՀԱՐ-ի ճամբով աշխարհէ աշխարհ կը ներկայանայ լաւատեսական պայծառ ներշնչականութեամբ: Արդարեւ, անգամ մը եւս արդիւնաւորուեցաւ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիրներուն ու հովանաւորներուն ճի՛շդ ժամանակին, ճի՛շդ վայրին մէջ կատարած նախաձեռնութիւնը: Շուշիին նման՝ Կիւմրին ալ վերջին քանի մը տարիներուն դեռ նոր վերագտաւ ներկայանալի իր բարետեսութիւնը: Ենթադրելի է, որ ԳՈՀԱՐ-ի անդամներէն շատերը կա՛մ տեսած ու ապրած են երկրաշարժի աղէտին արհաւիրքը եւ կա՛մ ալ իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած են կիսաքանդ քաղաքի աւերակներուն շուրջ… Իսկ անոնք Լիբանան եկան ու մեզի ներշնչեցին լաւատեսութիւն, հայրենասիրութիւն, տոկունութիւն, ազգային վաւերական արժէքներու կառչածութիւն… Արդէն ակներեւ փաստ ու ձեռքբերում է այն, որ աւելի քան հարիւր վաթսուն երաժիշտներ իրենց սիրելի հայրենի քաղաքին մէջ կ՚ապրին ու կ՚արարեն իրենց սիրելի մասնագիտութեամբ՝ երաժշտութեամբ: Արդէն ակներեւ նշանակալից երեւոյթ է, որ Կիւմրիի նոյնանուն ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի երիտասարդ սաները կու գան համալրելու ԳՈՀԱՐ-ի շարքերը…
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024