Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Շա­բա­թա­վեր­ջին մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Պա­լա­թու Սրբոց Հրեշ­տա­կա­պե­տաց ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։ Հայ բնակ­չու­թե­նէ նօս­րա­ցած պատ­մա­կան թա­ղի մը մէջ կը գտնուի այս սրբա­վայ­րը, որ միշտ հո­գե­հա­րա­զատ ուխ­տա­վայ­րի մը բնոյ­թը ու­նե­ցած էր մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 180-ա­մեա­կին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ զա­նա­զան թա­ղե­րէ ուխ­տա­ւոր­ներ փու­թա­ցին Պա­լա­թու ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Տի­րան Ա. Քհնյ. Րէի­սեան։ Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ Սա­հա­կեան դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ կա­տա­րուե­ցան եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, դար­ձեալ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Տ. Տի­րան Ա. Քհնյ. Րէի­սեան իր մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տեց Սա­հա­կեան դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բին նկատ­մամբ, որ ըն­դա­ռա­ջած էր ի­րենց հրա­ւէ­րին՝ օ­րուան եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ա­րամ Գու­րան եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան մաս­նա­կից­ներն ալ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ՝ որ­պէս­զի վառ մնայ կան­թե­ղը տա­կա­ւին բիւ­զան­դա­կան շրջա­նէն մնա­ցած մեր այս սրբա­վայ­րին, ո­րու հա­մա­լի­րէն ներս կը գտնուի նաեւ պատ­մա­կան լու­սաղ­բիւր մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015