ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Գ -
Ըսինք որ դրամը մոգական զօրութիւն մը ունի, ո՛ւժ մըն է ան՝ որուն առջեւ յաճախ կը լուծուին, կը տկարանան օրէնք՝ սկզբունք՝ համոզում՝ հաւատք՝ պարկեշտութիւն՝ առաքինութիւն, եւ ազնուութիւն՝ բոլորը։ Քանի որ ան անիմանալի, անբացատրելի ո՛ւժ մըն է՝ ամենէն ահաւորը ուժերուն, ամենէն անտեղիտալին, որուն չի կրնար դիմադրել մարդկային միտքի արտադրած հնարքներէն եւ ո՛չ մին։ Ամէնքը կը հպատակին անոր։
Այո՛, սիրելի ընթերցող բարեկա՛մ, ո՛ւժ մըն է դրամը։ Եւ իր այդ յատկութիւնն է ամենէն աւելի՛ որ կը բարձրացնէ իր արժէքը քրիստոնէութեան առջեւ, քանի որ ո՛ւր կայ ուժ՝ հոն ընդունակութիւնը կայ բարիին, լաւին եւ օգտակարին։
Արդարեւ չարը չի կրնար մշտնջենապէս զօրաւոր ըլլալ, մշտապէս պահել ուժը, քանի որ բարին կեա՛նքն է նոյնիսկ, եւ ամէն ինչ որ կեանք ունի՝ բարիին սկիզբը ունի, բարիին պատրաստութիւնը ունի արդէն իր մէջ, ըլլա՛յ բնութեան բղխում, ըլլա՛յ միտքի ծնունդ ո՛րեւէ բան՝ որ ներս կը մտնէ գոյութեան ոլորտէն, ըսել է թէ նպատակի մը պիտի ծառայէ, կոչումն ունի օգտակարին եւ բարիին, բաւական է որ աչք մը հսկէ իր վրան, կամ ձեռք մը վարէ զինք դէպի այն։ Չարը՝ ապականումն է, այլասերումն է, խեղաթիւրումն է բարիին, որ գրեթէ միշտ մարդոց անզգոյշ տհասութեան կը պարտի իր գոյութեան իրաւունքը։
Եւ դրա՛մն ալ, որ իր ծագման մէջ բարի է ամէն բանով, ամէն կերպով, քանի որ ստեղծուած է իբրեւ պէտքի մը, պահանջքի մը գոհացում, եւ դիւրութիւն, կը դիւրացնէ մարդոց առեւտրական յարաբերութիւնները։ Ան կարելի է նմանցնել իւղի որ կը զօրացնէ եւ կը դիւրացնէ «տնտեսական գործառնութիւններու մեքենայ»ին աշխատանքը։
Դրամը՝ այն ատեն միայն յոռեշրջուեցաւ չարութեան գործիքի մը, երբ մարդիկ անտեսեցին անոր բարի յարմարութիւնները եւ յատկութիւնները եւ սկսան ծառայեցնել զայն իբրեւ գործիք իրենց փառատենչ ու ցուցամոլ ցանկութիւններուն։
Ուստի դրամը երբեք նպատակ չէ, այլ բարի պատճառով մը ստեղծուած՝ բարի նպատակի ծառայող միջոց մը, առարկա՛յ մը։
Մարդ եթէ ընդունի այս ճշմարտութիւնը՝ այլապէս դրամը պիտի վերագտնէ իր իսկական եւ արդար արժէքը, եւ հեռու պիտի մնայ ամէն մեղադրանքէ եւ պիտի ծառայէ իր բարի ե՛ւ օգտակար նպատակին՝ որուն կոչուած է սկիզբէն ի վեր։
Աշխարհի վրայ ապրող մարդոց 90 տոկոսը կ՚ըսէ, թէ «տնտեսագէտ ճարտարախօս մը՝ հարիւրերորդին փշրանքներովը՝ անոր հաճոյքին սպասարկութեամբ կ՚ապրի»։ Մարդկային հոգին եւ մարդկային արժանապատուութիւնը սպաննող անիրաւութի՛ւն մըն է ասիկա՝ որ ոսկիին կամ դրամին անխնայ տիրապետութեանը տակ ստեղծուած է…։
Հին ժամանակներու ծառան գիտէ՛ր թէ այդպէս է ճակատագրին կամ ըսենք, բնութեան տնօրինութիւնը, կարգը, եւ այդ իսկ պատճառաւ կը համակերպէր իր վիճակին՝ կո՜յր երկայնամտութեամբ մը, ճակատագրապաշտ էր անիկա։
Այսօր ի՛նչ որ ալ ըլլայ ծառային դիրքն ու վիճակը՝ ան կը խորհի թէ ի՛ր ալ իրաւունքն է երջանկութիւնը, ի՛ր մարդ կոչումը տուած է իրեն ալ ապրելու իրաւունք եւ կեանքի բարիքները վայելելու ազատութի՛ւն։ Եւ երբ զրկուած է իր իրաւունքէն ու կաշկանդուած իր ազատութիւնը՝ կը փնտռէ, կը պահանջէ զանոնք։
Եւ ահաւասիկ, ասկէ է որ կը ծագին ու կը ծաւալին այն տանջանքները, ընկերային այն անհամաձայնութիւնները, տուայտանքը՝ որ կը մրրկեն մարդուն հոգին, եւ նախանձի ու ատելութեան վատ ու դառն զգացում մը կը ստեղծեն դրամին դէմ։ Մինչդեռ դրամը անմե՛ղ է, մարդն է մեղաւորը։
Դրամին անյագ, անկուշտ սէրը կը վերածուի ագահութեան, մոլութեան, եւ կը խանգարէ ընկերութեան խաղաղութիւնը, կ՚աւերէ ընկերային ներդաշնակութիւնը, ոճրագործ անիրաւութիւններ եւ ցաւալի զրկանքներ կը ստեղծէ՝ աղքատին հացին մէջ թո՛յն կը խառնէ, անհաւատարմութիւններ ու յափշտակութիւններ կը մշակէ, կը թոյլատրէ նոյնիսկ դարանակալ վայրագութիւններ, որոնց առջեւ անզօր կը մնան շատ անգամ նոյնիսկ կրօնի զգացումը, հանրութեան սէրը եւ ընտանիքի հանդէպ պարտականութիւններու ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։
Դրամը ո՛ւժ մըն է, եթէ բարի նպատակով գործածել գիտէ զայն մարդ, ան «բարի՛ ուժ» մըն է…։
- Ներշնչուեցանք եւ մասամբ օգտուեցանք 1905-ին հրատարակուած Թորգոմ Արքեպս. Գուշակեանի մէկ քարոզ-յօդուածէն՝ որ գրուած է Արմաշ, ուր կը պաշտօնավարէր որպէս Ծայրագոյն Վարդապետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024