ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Ընտանիքը, ընկերութեան կորիզն է, առանց որու կարելի չ՚ըլլար առողջ ընկերային կեանք մը հաստատել եւ մշակել, ու զարգացնել զայն։ Եւ քանի որ ընկերային կեանքի մէջ յարաբերութիւններ կը կայանան պարտականութիւններու եւ իրաւունքի վրայ, ուրեմն ընտանիքն կազմող անդամներուն ալ կը վերաբերի պարտականութիւններ եւ իրաւունք, որոնց ներդաշնակութեան վրայ կը բարձրանայ ընտանիքի «շէնք»ը՝ բարձրացնելով նաեւ ընկերութեան մե՜ծ շէնքը։ Ինչպէս որ շէնք մը ունի հիմ, որուն վրայ կարելի կ՚ըլլայ հաստատուն շէնքը բարձրացնել, ընկերութիւնն ալ ունի ընտանիքը՝ որպէս հի՛մ։
Ընտանիքը, ամենապարզ կերպով կազմուած է այր մարդու եւ կին մարդու փոխադարձ հաւանութեանը վրայ հաստատուած «միութեան» մը վրայ, որ իր էութիւնը կը պարտի ամուսնութեան օրինաւոր եւ սրբազան կապին։ Եւ եթէ ամուսնութեան սրբազան նպատակը որդեծնութիւնն է, ուրեմն այր մարդ եւ կին մարդ ամուսնանալով կը դառնան ծնողներ՝ իրենց կոչումին համաձայն։ Բայց ինչպէս ամէն մարդկային յարաբերութիւն, ընտանիքի անդամներն ալ՝ ծնողք եւ զաւակ, ունին պարտաւորութիւններ, պարտքեր, զորս պէտք է կատարեն եւ անշուշտ իրաւունքներ՝ զորս ազատօրէն պիտի վայելեն։ Ծնողներ, մանաւանդ իրենց զաւակներուն հանդէպ ունին էական եւ կենսական պարտականութիւններ եւ նաեւ իրաւունքներ, որոնց ներդաշնակօրէն հաւասարակշռութիւնը կ՚ապահովէ ընտանեկան երջանիկ եւ խաղաղ կեանք մը։ Ծնողներու կոչումը կը պահանջէ հաւատարիմ ըլլալ իրենց պարտաւորութիւններուն եւ ազատօրէն վայելել իրենց իրաւունքները։
Ծնողներու պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ փոխադարձ է, այսինքն զաւակներն ալ ունին պարտականութիւններ, պարտքեր իրենց ծնողներուն նկատմամբ։ Իրաւունքներու վայելումն ալ նոյնպէս փոխադարձ է՝ ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ։ Սակայն, քանի որ ծնողներ հասուն են եւ գիտակից, գոնէ որոշ ժամանակի մը համար իրենց պարտականութեան պատասխանատուութիւնը աւելի ծանր է քան զաւակներունը։
Բայց պարտականութիւն մը կատարելու եւ իրաւունք մը վայելելու համար, մարդ նախ պէտք է ծանօթանայ, ճանչնայ իր պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքը։ Առանց ճանչնալու գործադրել որեւէ բան կարելի չ՚ըլլար, եթէ ոչ կուրաբար, մեքենաբար գործել, առանց գիտակցութեան եւ բանականութեան։
Արդարեւ ծնողական պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները մարդ էակին համար, գոնէ աստիճան մը վերջ, ստացական արժէքներ են։ Անբան-անասուններ թէեւ բնազդով կը շարժին, բայց մարդ քանի որ բանաւոր էակ մըն է եւ կը շարժի բանականութեամբ, ապա ուրեմն իր շարժումները պէտք է ըլլան ստացական, որ կ՚ենթադրէ գիտակցութիւն։
Այս ուղղութեամբ յիշենք նախ ծնողներուն պարտականութիւնները եւ իրաւունքները։
Մանուկներ ծնելով մարդկային անկեալ եւ սկզբնական մեղքով արատաւորուած բնութեամբ, անոնք կարիքը ունին Մկրտութեան խորհուրդին պարգեւած «նոր ծնունդ»ին, որուն կոչուած են իրենց ծնունդով։
Հետեւաբար ծնողներու առաջնակարգ պարտականութիւնն է՝ ծնունդէն քիչ ժամանակ վերջ՝ մանուկը Աստուծոյ որդի ըլլալու անգնահատելի շնորհքին արժանացնելու համար մկրտել տալ զայն։ Ուստի այս շնորհքէն զրկած պիտի ըլլան ծնողներ, եթէ մանուկին ծնունդէն ետք զայն չմկրտեն։ Այս լուրջ եւ ծանր պատասխանատուութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Քրիստոնեայ ծնողներ ընդունելու են, թէ այս անհրաժեշտութիւնը կը համապատասխանէ նաեւ «կեանքի սնուցիչներ» ըլլալու իրենց դերին՝ զոր Աստուած յանձնած է իրենց։
Արդարեւ Մկրտութիւնը հաւատքին սուրբ խորհուրդն է, բոլոր մկրտեալներուն մէջ, ըլլան մանուկ կամ չափահաս, հաւատքը աճելու է, ի՛նչ որ ծանր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը պահանջէ ծնողներու նկատմամբ։ Որպէսզի մկրտական շնորհքը կարենայ աճիլ ու զարգանալ, ծնողներուն օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է, եթէ ո՛չ կարեւոր։ Ամուսնութեան սիրոյ բեղմնաւորութիւնը չի սահմանուիր միայն զաւակներու որդեծնութեամբ, այլ պարտի տարածուիլ մինչեւ անոնց բարոյական դաստիարակութիւնը եւ հոգեւոր կազմաւորումը, որ ծնողներուն պարտականութիւններէն գլխաւորն է։
Արդարեւ դաստիարակութեան մէջ ծնողներու դերը ա՜յնքան կարեւորութիւն ունի, որ գրեթէ անհնար է զանոնք փոխարինել։ Դաստիարակելու իրաւունքը ե՛ւ պարտականութիւնը ծնողներուն համար առաջնահերթ եւ անժամանցելի կը մնան։ Ուստի ծնողներ պարտին դիտել ու հոգալ իրենց զաւակները իբրեւ «Աստուծոյ զաւակներ» եւ յարգել զանոնք իբրեւ «մարդկային անձեր»։ Ծնողները առաջին պատասխանատուներն են իրենց զաւակներուն կրթութեան։ Այս պատասխանատուութիւնը փաստած կ՚ըլլան նաեւ «ընտանիքի մը ստեղծումով»ը՝ ուր սէրը, յարգանքը, հաւատարմութիւնը, գորովը, ներումը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը կը գործադրուին։ Ընտանիքը ամբողջ մը կը կազմէ բոլոր հոգեւոր ապրումներու՝ միասին կ՚ուրախանան եւ միասին կը տրտմին անոր բոլոր անդամները…։
Ընտանիքը մասնայատուկ վայրն ու միջոցն է առաքինութիւններու կրթութեան։ Ասիկա կը պահանջէ վարժեցումը անձնուրացութեան, զոհողութեան, առողջ եւ շիտակ դատողութեան, ինքնազսպումի, հանդուրժողութեան, ներողամտութեան, իրերօգնութեան, որոնք պայմաններն են ամէն ճշմարիտ ազատութեան։
Ծնողները զաւակներուն պիտի ուսուցանեն ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը ստորադասել ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Ուստի ծնողներուն համար ծանրակշիռ եւ լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է իրենց զաւակներուն բարի օրինակ ըլլա՛լ։
Ծնողներ իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները անոնց առջեւ ճանչնալով, անոնք աւելի ատակ պիտի ըլլան առաջնորդելու եւ ուղեցոյց ըլլալու անոնց եւ ուղղելու զանոնք։ Արդարեւ Առաքեալը կ՚ըսէ.
«Ո՛վ որ կը սիրէ իր որդին, զայն կը ծեծէ։ Ո՛վ որ կը կշտամբէ իր որդին, անկէ օգուտ պիտի քաղէ (ՍԻՐ. Լ 12) եւ դուք, հայրեր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, ընդհակառակը կրթեցէ՛ք զանոնք խրատելով եւ յորդորելով ըստ Տիրոջ» (ԵՓՍ. Զ 4)։
Ընտանիքը մարդ էակին համար բնական միջավայր մըն է նախապատրաստուելու համերաշխութեան եւ կեանքին հասարակական պատասխանատուութիւններուն։ Ընտանիքին մէջ՝ ծնողներ պարտաւոր են պատրաստել իրենց զաւակները կեանքի պայքարին։ Եւ դարձեալ ծնողներ պիտի ուսուցանեն իրենց զաւակներուն զգուշանալ սկզբունքի զիջողութիւններէ եւ արժեզրկումներէ՝ որոնք կը սպառնան մարդկային ընկերութեան։ Ուստի ամուսնութեան սուրբ խորհուրդին շնորհքով, ծնողներ իրենց զաւակները ուղղամիտ, առաքինութիւններով օժտուած հասցնելու պատասխանատուութիւնը եւ առանձնաշնորհը ընդունած են թէ՛ որպէս պարտականութիւն եւ թէ իրաւո՛ւնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 26, 2015, Իսթանպուլ