ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորին ընդառաջ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս շնորհաւորականին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Ամանոր 2016
Մեծայարգ Տիկին
Հրանոյշ Յակոբեան
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարուհի
Երեւան
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
Ամանորի երջանկաբեր մթնոլորտը առաւել կը գունաւորուի Աստուածայայտնութեան տաղաւարին յառաջացուցած խանդավառութեամբ եւ մեր սրտերը կը լեցուին հոգեւոր կրկնակի ուրախութեամբ։
Տիեզերական պատմութիւնը արձանագրած է խոնարհութեան եզակի եւ անկրկնելի օրինակը, որ է Աստուծոյ Խօսքին մարդեղութիւնը։ Պօղոս Առաքեալ, երբ խոնարհամտութեան մասին Փիլիպպեցիներուն կը գրէր, իր տողերուն մէջ իբրեւ տիպար կը ներկայացնէր Քրիստոսը, որ իր անձը ունայնացուցած էր ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցնելով։ Աստուծոյ Միածին Որդին աշխարհ կու գար, չարին առջեւ խոնարհած մարդը վերստին բարձրացնելու, զայն մեղքի կապանքներէն փրկելու եւ սատանային վերջնականապէս յաղթելու աստուածային առաքելութեամբ։ Քրիստոսի յաղթանակը կանխագուշակած էր Եսայի Մարգարէն. «Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ, եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։ …Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերա-նը պիտի գոցեն, վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան» (5 2.13-15)։
Տօնական օրերու բարեբաստիկ առիթով, կը մաղթենք եւ կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած պարգեւէ Ձեզի քաջառողջ եւ երկար կեանք։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Ձեր անձին մէջ Նախարարութեան ողջ անձնակազմը՝ մաղթելով բոլորին յաջողութիւն եւ կարողութիւն իրենց Աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ