ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Երանի խաղաղարարաց,
զի նոքա որդիք Աստուծոյ կոչեսցին
(Մատթէոս, 5.9)
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ կ՚ապրինք Ամանոր մը եւս դիմաւորելու պահը։ Ամանորը հանգրուան մըն է, որուն հասնողներէն ոմանք ուրախութեամբ, ոմանք ալ տրտմութեամբ կը լեցուին։ Յիրաւի, անոնք որոնք եսակեդրոն կեանք մը կը վարեն եւ իրենց կեանքի փիլիսոփայութիւնը հիմնաւորած են «կեր, խմէ եւ ուրախացիր» հասկացողութեան վրայ, բնականաբար աննկատ կը թողուն աշխարհի այն հատուածը, որ կը տուայտի չքաւորութեան, անօթութեան մէջ, զուրկ՝ մարդկայնաբար ապրելու նախապայմաններէն։ Բնաւ հոգ չեն ըներ, նոյնիսկ չեն մտածեր, թէ այդ հատուածէն քանի քանի ընտանիքներ կ՚ողբան իրենց հարազատներուն վաղահաս մահը։ Մէկ կողմէն օգնութիւն հայցող աղաղակները, միւս կողմէ անտարբերութեան ախտին բերմամբ խցուած ականջները եւ պարսպապատուած սրտերը, երեւոյթ մը, որով անլսելի կը դառնան թէ՛ անօգնականին աղաղակները եւ մանաւանդ՝ Աստուծոյ Խօսքը։ Պէտք է լաւ ըմբռնել, թէ եսակեդրոն կեանքը ոչինչ կը շահեցնէ մարդուն, մանաւանդ յանակնկալս դժբախտ երեւոյթի մը յայտնութեան պարագային, տակնուվրայ կ՚ըլլայ անոր որպէս թէ հեզասահ ընթացքը։
Յիսուս Քրիստոս «Լերան Քարոզ»ին մէջ ի շարս այլոց կ՚ըսէ. «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ Խաղաղութիւնը, միայն նիւթական զէնքերով մղուած պատերազմներու պարագային չէ որ կը փնտռուի։ Այդ աշխարհիկ խաղաղութիւնն է, որ աշխարհիկ հաշիւներով կրնայ խախտուիլ եւ կը խախտուի արդարեւ։ Կայ ներքին խաղաղութիւնը, որ կարելի կ՚ըլլայ հաստատել միայն բարիին չարին վրայ տարած յաղթանակով։ Այդ յաղթանակը կարելի կ՚ըլլայ տանիլ Աստուծոյ Խօսքին լսելով ու Աստուծոյ հետ գործակցելով։ Այդ գործակցութեամբ կը բացուի յիրաւի խաղաղաբեր «նոր» շրջան մը, նորոգութեան եւ վերազարթնումի։ Երանի անոր, որ այդ խաղաղութիւնը հաստատելու կը ձգտի։ Որովհետեւ այդ ձգտումը մարդուն կեանքէն ներս կը վերահաստատէ Աստուծոյ անեղծ դիմագիծը, յայտնաբերուած՝ աստուածապարգեւ սիրոյ, գթութեան, ողորմութեան եւ խաղաղասէր կեցութեան երջանկաբեր շնորհներով։ Այդ շնորհներուն մէջ առատանալով կարելի կ՚ըլլայ յիրաւի Աստուծոյ որդիներ կոչուիլ։ Աստուծոյ որդիներ կոչման արժանանալու ջանացողներ կը յիշեն Քրիստոսի խօսքը, որով կը խոստանար «Իր խաղաղութիւնը տալ» (Յովհաննէս, 14.27), կը հեռացնեն ունկնախից ազդակները, կը բացուին Աստուծոյ Խօսքին եւ կը փլցնեն անթափանց պատուարները։
Պօղոս Առաքեալը, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի «Լերան Քարոզ»ին զուգահեռ, սքանչելի եւ դիպուկ բառերով կ՚ընդգծէ «առանց կեղծիքի սիրոյն, չարը ատելու եւ բարիին յարելու առաքինութեան եւ իրարու հանդէպ գթասիրտ ըլլալու» կարեւորութիւնը եւ կը թելադրէ «հոգիով եռալ, Տիրոջ ծառայել, յոյսով ուրախանալ, նեղութեան համբերել, ստէպ աղօթել, հաղորդակից ըլլալ սուրբերու կարիքներուն, հետամուտ ըլլալ հիւրասիրութեան»։ Ապա կը շարունակէ շեշտելով «օրհնել՝ նոյնիսկ հալածողները, օրհնել եւ չանիծել։ Ուրախացողներուն հետ ուրախանալ, լացողներուն հետ լալ։ … Հնարաւոր եղած չափով խաղաղութիւն պահել բոլոր մարդոց հետ։ … Չարէն չյաղթուիլ այլ բարիով յաղթել չարին» (Հռովմայեցիս, 12.9-21)։ Որպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալներ աղօթենք, որ «խաղաղութեան Աստուածը սրբացնէ մեզ կատարելապէս, եւ անարատ պահէ մեր ամբողջ հոգին, շունչն ու մարմինը մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի գալուստը» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս, 5.23)։ Դարձեալ աղօթենք, որ Քրիստոսի շնորհքը մեզի հետ ըլլայ եւ մեր վստահութիւնը դնենք Աստուծոյ վրայ, որ «պիտի խորտակէ Սատանան մեր ոտքերուն տակ» (Հռովմայեցիս, 16.20)։ Վերջապէս աղօթենք, որ «խաղաղութեան Աստուածը, հաստատ պահէ բոլորս բարի գործերու մէջ, որպէսզի կատարենք իր կամքը։ Եւ մեր մէջ կատարէ իրեն հաճելի եղող բաները Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փառք յաւիտեանս։ Ամէն» (Եբրայեցիս, 13.20)։ Աստուծոյ կամքն է, որ մեր մշակած առօրեայ յարաբերութիւնները երջանկաբեր ըլլան բոլորիս համար։
Ամանորի առթած ուրախութեամբ, առ Աստուած առաքած մեր աղօթքներով կը յիշենք մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Մեր հանապազօրեայ աղօթքներէն բաժին կը հանենք նաեւ մեր երկրի անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն, մանաւանդ իշխանաւորներուն։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ քաջառողջ եւ բարօր կեանք, հեռու ամէն տեսակի չար պատահարներէ։
Քրիստոնէական առաքինութիւն է մտաբերել նաեւ հարեւան՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մերազն եղբայրներն ու քոյրերը եւ ամենակալ Աստուծմէ հայցել, որ բոլորին պարգեւէ համբերութիւն, հաւատքի տոկունութիւն, որպէսզի մեղմանան իրենց ցաւերն ու տառապանքները, մխիթարուին բոլոր սգաւորները ու դադրին իրենց լացը։ Կ՚աղօթենք նաեւ նոյն երկիրներու բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Աստուծոյ նախախնամութիւնը թող տարածուի անխտիր բոլորին վրայ։ Մեր յոյսն է, որ մարդիկ երբ կը կամենան խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ, ամէն տեսակի անհամաձայնութիւններ կրնան չքանալ եւ կարելի կ՚ըլլայ հաստատել սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան միջավայր մը։
Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք, լի՝ Աստուածային շնորհներով։
Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։
Արամ Արքեպս. Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
22 Դեկտեմբեր 2015)