Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԸ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը Ամանորի առթիւ կազմակերպեց մասնաւոր հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ Սէն Միշէլ ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ։ Ձեռնարկին նախագահեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որու կողքին էր Հայր Աբրահամ Ֆըրատեան։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ուսուցչուհի Ասլին Տիշճի։ Տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին։ Եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարմասեան եւ Զէքիեան Գերապայծառը։
Վարժարանի փոքրիկներու տօնական ոգեւորութիւնը կրկնապատկուեցաւ իրենց ստացած յուշանուէրներով։
Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016