ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԱՊՐԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՈՎ
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի եւս Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ աւանդական խանդավառութիւն՝ թաղին մօտ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներով։ Այս ամբողջին մէջ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցած խրախճանքը առանձնացաւ՝ իր առթած փալուն տպաւորութիւններով։ Դպրոցի նորակառոյց թատերասրահին մէջ ապրուած առաջին Ամանորն էր այս մէկը։
Օրուան յայտագրին շրջագծով առաջին առթիւ հանդէս եկան մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք իրենց մանկապարտիզպանուհիներուն մականին ներքեւ ներկայացուցին շատ յաջող պարեր, խմբերգներ եւ երկու թատերակ։ Մասնաւորապէս անոնց ծնողները անբացատրելի զգացումներով հետեւեցան փոքրիկներու ելոյթներուն։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ Կաղանդ պապուկին ձեռամբ մանկապարտէզի փոքրիկները ստացան իրենց յուշանուէրները։
Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս ամանորեան երկրորդ խրախճանք մըն ալ տեղի ունեցաւ այս անգամ նախակրթարանի դասարաններու աշակերտներուն համար, որոնք եւս երգերով ու պարերով, թատերակներով մասնակցեցան օրուան յայտագրին եւ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը, որու խրատներն ու բարեմաղթանքները լսեցին ուշադրութեամբ։ Մանուկներու շրթներէն հնչած ամանորեան երգերով շատ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դահլիճին մէջ։
Երկու հանդէսներուն ընթացքին ալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, որ բարեղմաթութիւններ յղեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024