«ՄԵՂԵԴԻ» ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը բնու­թագ­րող ա­մե­նաազ­նիւ ու հա­րուստ բնա­գա­ւառ­նե­րէն է եր­գա­րուես­տը: Հայ եր­գը ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն՝ ընդգր­կե­լով հո­գե­ւո­րէն մին­չեւ ա­շու­ղա­կան, ժո­ղովր­դա­կա­նէն՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան, դա­սա­կա­նէն՝ քա­ղա­քա­յին ֆոլք­լոր ե­ւայլն: Մե­զի հա­սած հայ ա­նուա­նի եւ կամ ա­նա­նուն հե­ղի­նակ­նե­րու եր­գա­րուես­տին մէջ ար­տա­ցո­լուած են թէ՛ ի­րենց ո­ճը, ան­հա­տա­կան ձայ­նը, տա­րաբ­նոյթ ներ­քին մղում­նե­րը, եւ թէ տուեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը բնո­րո­շող գե­ղա­գի­տա­կան ըմբռ­նում­նե­րը, բար­քերն ու սո­վո­րոյթ­նե­րը:

2015 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ լոյս տե­սաւ «Մե­ղե­դի» ձայ­նագ­րեալ-պատ­կե­րա­զարդ եր­գա­րա­նը, որ պատ­րաս­տուե­ցաւ ե­րա­ժիշտ, եր­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեա­նի կող­մէ: Գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցած է Պետ­րոս Ռո­պէր-Ան­ժէլ Գա­զան­ճըօղ­լուի մե­կե­նա­սու­թեամբ՝ ի յի­շա­տակ ի­րենց հան­գու­ցեալ հօր՝ Սա­մուէլ Գա­զան­ճըօղ­լուի եւ եղ­բօր՝ Կար­պիս Պո­յա­ճեա­նի:

Սոյն հա­տո­րի լոյս ըն­ծայ­մա­ն մե­ծա­պէս օ­ժան­դա­կած է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նա­խում­բը: Եր­գա­րա­նը նուի­րուած է հայ տպագ­րեալ գրքի 500-ա­մեա­կին եւ մեծ եր­գա­հան Սիր­վարդ Գա­րա­մա­նու­կի ծննդեան 100-ա­մեակ­ին:

«Մե­ղե­դի» եր­գա­րա­նի ա­ռա­ջին բա­ժի­նին մէջ տեղ գտած են տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու եւ ո­ճե­րու շուրջ վեց տաս­նեակ եր­գեր, ա­պա երկ­լե­զու՝ հա­յե­րէն-անգ­լե­րէն ծա­նօթ եւ կամ քիչ ծա­նօթ «Յօ­րի­նող­նե­րու կեն­սագ­րա­կան­ներ», յա­ջոր­դիւ՝ «Հայ­կա­կան նուա­գա­րան­ներ», ա­պա «Տա­ռա­դար­ձու­թեան ցու­ցակ», եւ «Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն» բա­ժին­նե­րը:

Սոյն եր­գա­րա­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է ա­յն ա­ռու­մով, որ կան նաեւ եր­գե­րու ձայ­նա­նի­շնե­րը: Ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն մը, որ մինչ այս Թուր­քիոյ մէջ չէր ե­ղած:

« Յօ­րի­նող­նե­րու կեն­սագ­րա­կան­ներ» բա­ժի­նին մէջ , յայտ­նի ա­նուն­նե­րու կող­քին ներ­կա­յա­ցուած են նաեւ այն հե­ղի­նակ­նե­րը, ո­րոնք հայ ե­րաժշ­տու­թեան ա­ռըն­թեր ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած են նաեւ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ:

Եր­գե­րը ի­րենց ո­ճով, ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ու աշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռում­նե­րով տար­բեր են՝ միջ­նա­դա­րէն մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը, հո­գե­ւո­րէն (Ներսէս Շնոր­հա­լի՝ Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ) մին­չեւ ա­շու­ղա­կան (Սա­յեաթ-Նո­վա՝ Քա­ման­չա), դա­սա­կան (Ռո­մա­նոս Մե­լի­քեան՝ Վարդ) հե­ղի­նա­կա­յին (Ռ. Հախ­վեր­դեան՝ Իմ փոք­րիկ նա­ւակ), ժո­ղովր­դա­կան (Սի­րուն թռչնիկ), գու­սա­նա­կան (Գու­սան Շա­հէն՝ Խռո­ված սէր), ման­կա­կան» (Սիրվարդ Գա­րա­մա­նուկ՝ Սօլ­ֆէ­ժի դաս): Կան նաեւ քա­նի մը եր­գեր, ո­րոնց դաշ­նա­ւո­րու­մը կա­տա­րած է Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան «Գա­րուն», «Ե­րազ», «Լուս­նեակ գի­շեր», «Հին­կա­լա»:

Գիր­քին կող­քի նկար­նե­րը պատ­րաս­տած են ա­րուես­տա­գէտ­ներ Վա­հէ Պէր­պէ­րեան՝ գե­ղե­ցիկ ծի­րա­նի ծառ նկա­րով եւ Ա­տիս Զա­րեան՝ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ Մա­նուկ­նե­րու հետ նկա­րով: Ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­տա­րած է ա­րուես­տա­գէտ Սե­լին Պե­տի­կեան:

«Մե­ղե­դի» եր­գա­րա­նի օգ­նու­թեամբ հայ­կա­կան եր­գը կը թա­փան­ցէ հայ ըն­տա­նիք­նե­րէ ներս, օգ­տա­կար կ՚ըլ­լայ ինչ­պէս ու­սու­ցիչ­նե­րուն, այն­պէս ալ ե­րա­խա­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ու չա­փա­հաս­նե­րու հա­մար: Ձեռք բե­րե­լով այս եր­գա­րա­նը, իւ­րա­քան­չիւր հայ ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚ա­ռըն­չուի հայ եր­գա­րուես­տի հա­րուստ ու բազ­մաոճ բնա­գա­ւա­ռին, հա­յեաց­քը կ՚ուղ­ղէ հայ բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի ար­մատ­նե­րուն եւ ա­նոր ճիւ­ղե­րուն:

ԱՆ­ՆԱ ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016