ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) 2016 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ գու­մա­րուած այս ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ օ­րա­կար­գի վրայ էր հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հար­ցը։ Ակն­յայտ է, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այս նիւ­թը ու­նի հրա­տապ նշա­նա­կու­թիւն։ Մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րուն հեր­թա­կան ընտ­րու­թեան ժամ­կէ­տը վա­ղուց ան­ցած է։  Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ջնջած է փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կած՝ նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տու­թեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը եր­կա­րած է չա­փա­զանց, գե­րա­զան­ցած է տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէտ­նե­րը, փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս կ՚ապ­րուի ան­հանգս­տու­թիւն։ Նոյ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ է նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քի պա­րա­գա­յին։ VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ալ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան այս հիմ­նախնդ­րին։ Եր­կար ժա­մա­նակ ան­ցած է թէեւ, սա­կայն մեր մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու կազ­մե­րը կա­րե­լի չէ ե­ղած վե­րա­նո­րո­գել։

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը թէեւ կրկնե­ցին ի­րենց ան­հանգս­տու­թիւ­նը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ող­ջու­նե­ցին շարք մը դրա­կան լսում­ներ կամ տուեալ­ներ, ո­րոնք ներ­կա­յիս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին ու կրնան դուռ բա­նալ հար­ցի լուծ­ման։ VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լը ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ կ՚ակն­կա­լեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նալ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ, որ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս ստանձ­նած է վա­քըֆ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան նա­խա­րար։ Ներ­կա­յիս ժա­մադ­րու­թեան սպա­սում մը կայ, ինչ որ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ կը հա­մա­րուի դրա­կան հե­ռան­կար մը։

Հարկ է նշել, որ մօ­տա­ւոր ան­ցա­լին, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ, Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սա­յեան այս նիւ­թին անդ­րա­դար­ձած էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։ Մար­գար Է­սա­յեան տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ աշ­խա­տանք տա­րած են՝ որ­պէս­զի ան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մէ սոյն խնդրին շուրջ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս գոր­ծըն­թա­ցը հա­սու­նա­ցած հու­նի մէջ կը գտնուի եւ ու­րուագ­ծուած է ժա­մադ­րու­թեան մը հո­րի­զո­նը։

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ո­րոշ չա­փով վե­րա­պա­հու­թիւն յայտ­նե­ցին նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ  զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով, ան­մի­ջա­կան զրոյց­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ նշած են, թէ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը չեն կրնար գտնել ի­րենց ընտ­րա­կան դրու­թեան շուրջ, ա­նոնց կող­մէ փո­խան­ցուած են մէ­կէ ա­ւե­լի կա­նո­նադ­րու­թեան տար­բե­րակ­ներ, հե­տե­ւա­բար, ի­րենք ալ կը դժուա­րա­նան կողմ­նո­րո­շուե­լու։ Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր յայտ­նեց, թէ սա թէեւ հարց մըն է մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն միւս կող­մէ ալ ան­կա­րե­լի է այս­պի­սի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան մը հի­ման վրայ գործ­նա­կա­նօ­րէն յափշ­տա­կել թրքա­հայ հա­մայն­քի ընտ­րե­լու-ընտ­րուե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ալ ար­տա­յայ­տած էր նման մօ­տե­ցում մը։ Ան յայտ­նած էր, որ յաչս պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հա­մայն­քա­յին ան­միա­բա­նու­թիւ­նը թէեւ լուրջ հարց մըն է, սա­կայն պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս պէտք է վերջ­նա­կա­նօ­րէն կողմ­նո­րո­շուին ու պէտք է ա­պա­հո­վեն ընտ­րու­թիւն­նե­րու չյա­պա­ղի­լը։

Իր կար­գին, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ կրկնեց նա­խորդ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տած կան­խա­տե­սու­մը, ըստ ո­րու հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­նան 2017 թուա­կա­նին։ Ան, բնա­կա­նա­բար, իր փոր­ձա­ռու­թեամբ չբա­ցա­ռեց ո­րե­ւէ վար­կած ու խոր­հուրդ տուաւ հան­դար­տու­թեամբ ու համ­բե­րու­թեամբ սպա­սե­լու յա­ռա­ջի­կայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը ներ­կա­յիս աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է մեր հա­մայն­քէն ներս ե­րի­տա­սար­դա­կան մեծ հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կը նա­խա­տե­սուի տասն­հինգ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մը ձե­ւա­ւո­րել այս ուղ­ղու­թեամբ։ Կար­դա­գիր յանձ­նա­խում­բի կազ­մին գրե­թէ կէ­սը ար­դէն ստեղ­ծուած է։ Այս ծրագ­րին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած են Յա­րու­թիւն Շան­լը եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Ալ­ճան։ Հե­ռան­կա­րը այն է, որ VADİP-ի հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծէ նաեւ ե­րի­տա­սար­դաց յանձ­նա­խումբ մը։

Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ա­ռա­ջին փու­լին պի­տի փոր­ձեն հաս­նիլ հա­մալ­սա­րա­նա­կան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ա­ւե­լի վերջ ալ նոյն հո­վա­նո­ցին ներ­քեւ պի­տի ներգ­րա­ւուին մեր այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք նե­տուած են աշ­խա­տան­քա­յին կեան­քի։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը մտա­հո­գու­թեամբ կը դի­տար­կեն, որ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը բա­ւա­րար մա­կար­դա­կով չեն մաս­նակ­ցիր հա­մայն­քա­յին կեան­քին, նոյ­նիսկ մեր վար­ժա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը փրթին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն։ Երբ կազ­մա­կեր­պուի այդ ե­րի­տա­սար­դաց մեծ հա­ւա­քը, այդ շարժ­ման հի­ման վրայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ մշտա­կան շփու­մը պի­տի շա­րու­նա­կուի ու տա­րին եր­կու ան­գամ ե­րի­տա­սար­դա­կան մեծ ձեռ­նարկ­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին հա­մայն­քէն ներս։

VADİP-ի մօտ ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ, թէ կրթա­թո­շակ­ներ ալ պէտք է նա­խա­տե­սուին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մայն­քա­յին կեան­քին ներգ­րա­ւե­լու նպա­տա­կով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016