ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­սենք, ո­րե­ւէ գործ կամ պաշ­տօն կա­տա­րուած ժա­մա­նակ, պայ­ման է եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ տուեալ կա­նոն­նե­րը գիտ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը պա­հել։ Քա­նի որ ա­ռանց կար­գա­պա­հու­թեան եւ ա­ռանց կա­նո­նա­ւո­րու­թեան կա­տա­րուած գոր­ծը ան­կա­տար կը մնայ՝ ան­յա­ջող եւ անն­պա­տա՛կ։ Ուս­տի Հայ Ե­կե­ղե­ցին այս սկզբուն­քը ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ եւ սրբու­թեամբ պահ­պա­նած է մին­չեւ այ­սօր։ Ե­կե­ղե­ցիի օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի ո՛չ ան­հա­տի, հա­պա օ­րէնք­նե­րով, կա­նոն­նե­րով, այ­սինքն բո­լո­րին կամ­քով եւ միա­բա­նու­թեամբ։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սինք, հաս­տա­տու­թեան մը լաւ եւ նպա­տա­կա­յար­մար գոր­ծե­լու պայ­մա­նը՝ օ­րի­նա­պա­հու­թիւ­նը եւ կա­նո­նա­ւո­րու­թիւնն է։ Ո­րե­ւէ գործ կա­րե­լի է կա­տա­րել հա­սա­րա­կաց կամ­քով եւ միա­բա­նու­թեամբ՝ որ կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել եւ պա­հել օ­րէն­քով՝ ի­րա­ւուն­քով եւ կա­նոն­նե­րով։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ՝ ընդ­հան­րա­պէս, կը շար­ժին շա­տեր, են­թա­կա­յա­կան եւ կա­մա­յա­կան մղում­նե­րով եւ ա­մէն մէ­կը կը գոր­ծադ­րէ «ի՛ր օ­րէն­քը», ա­ռանց իսկ տե­ղեակ ըլ­լա­լու տուեալ օ­րէն­քէն, կա­նոն­նե­րէն, մա­նա­ւանդ երբ խօս­քը եւ գոր­ծը Ե­կե­ղե­ցիին մա­սին է։ Եւ ընդ­հան­րա­պէս կը գոր­ծուի ան­միա­բա­նօ­րէն՝ ա­մէն մէ­կը իր գիտ­ցած ու հաս­կա­ցած կեր­պով։ Մինչ­դեռ օ­րէնք կայ, կա­նոն կայ, կարգ ու սարք կա՛յ, բայց ու­ղիղ գոր­ծադ­րող չկայ…։

Զոր օ­րի­նակ՝ սար­կա­ւա­գի մը ար­ժա­նիք­նե­րը թուած է Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, Տի­մո­թէո­սին գրած իր ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ։

«Նոյն­պէս ալ սար­կա­ւագ­նե­րը, պէտք է պար­կեշտ ըլ­լան, եւ ո՛չ թէ կեղ­ծա­ւոր, գի­նե­սէր, կամ շա­հա­մոլ։ Պէ՛տք է մա­քուր խիղ­ճով պա­հեն հա­ւատ­քին յայտ­նալ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­սոնք եւս նախ պէտք է փոր­ձուին եւ ա­պա միայն, ե­թէ ան­մե­ղադ­րե­լի ըլ­լան, ի­րենց պաշ­տօ­նին անց­նին։ Ա­նոնց կի­նե­րը նո՛յն­պէս պէտք է պար­կեշտ ըլ­լան. ո՛չ թէ չա­րա­խօս, այլ՝ զուսպ եւ ա­մէն բա­նի մէջ վստա­հե­լի։

«Սար­կա­ւագ­նե­րը պէտք է մէկ կնոջ ա­մու­սին ըլ­լան, եւ թէ՛ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն եւ թէ՛ ի­րենց ըն­տա­նի­քին լա՛ւ վե­րա­կա­ցու ե­ղած ըլ­լան։ Քա­նի որ, լաւ ծա­ռա­յու­թիւն ը­նող­նե­րը թէ՛ ի­րենց հա­մար վարկ կը շա­հին եւ թէ՛ մեծ հա­մար­ձա­կու­թեամբ կրնան խօ­սիլ Քրիս­տոս Յի­սու­սի հան­դէպ ու­նե­ցած ի­րենց հա­ւատ­քին մա­սին» (Ա ՏԻ­ՄՈԹ. Գ 8-13)։ Ա­հա­ւա­սիկ այս հա­տուա­ծը Սուրբ Գիր­քի մէջ «պար­տա­ւո­րա­կան, ի­րա­ւա­կան կա­նոն­ներ»ու օ­րի­նակ մըն է։ Եւ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ կա­րե­լի է գտնել՝ կեան­քի զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին։

Ու­րեմն Սուրբ Գիր­քը օ­րէնք­նե­րու, կա­նոն­նե­րու աղ­բիւր մըն է, եւ պէ՛տք է գոր­ծադ­րուի որ­պէս պար­տա­ւո­րա­կան եւ ի­րա­ւա­կան կա­նոն­ներ։

Սուրբ Սա­հա­կի կա­նոն­նե­րու (387-439) 6-րդ հա­մա­րը կ՚ը­սէ. «Ո՛չ միայն քա­հա­նա­ներն ու սար­կա­ւագ­նե­րը ար­թուն պի­տի ըլ­լան ի­րենց պաշ­տա­մունք­նե­րը կա­տա­րե­լու մէջ, այլ եւ բո­լոր պաշ­տօ­նեա­նե­րը (ուխ­տի ման­կունք) եւ ե­թէ թոյլ ու ան­տար­բեր գտնուին պա­տի­ժի կ՚են­թար­կուին»։­

Ար­դա­րեւ նուի­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ կարգն է սար­կա­ւագ­նե­րու դա­սա­կար­գը։ Պատ­մա­կա­նօ­րէն, սար­կա­ւագ­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րուե­ցան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն (ԳՈՐԾՔ. Զ), հո­գա­լու, խնա­մե­լու եւ կա­նո­նա­ւո­րե­լու ա­նոնց պէտ­քե­րը՝ դար­մա­նե­լու աղ­քատ­նե­րու եւ ա­նոք­նե­րու կա­րիք­նե­րը։ Ա­նոնք այս աս­տի­ճա­նը ըն­դու­նե­ցին ա­ռա­քե­լա­կան ձեռ­նադ­րու­թեամբ (ԳՈՐԾՔ. Զ 5-7)՝ թոյլ­տուու­թիւ­ն ս­տա­նա­լով ծա­ռա­յել քա­հա­նա­նե­րուն եւ ըլ­լալ քա­հա­նայ (Ա ՏԻՄ. Գ 8-13)։

­Բո­լոր հայ­րե­րը՝ Իգ­նա­տիոս, Յուս­տի­նոս, Կիպ­րիա­նոս, Տեր­տու­ղիա­նոս, «Ա­ռա­քե­լա­կան Կար­գադ­րու­թիւն»նե­րը կը հա­մա­րեն սար­կա­ւագ­նե­րը քա­հա­նա­յա­կան դա­սա­կար­գի ան­դամ, իբ­րեւ օգ­նա­կան քա­հա­նա­յի եւ ե­պիս­կո­պո­սի։

Սար­կա­ւագ­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը.

ա) Ա­նոնք Սուրբ Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ կ՚ըն­դու­նէին ժո­ղո­վուր­դէն ստա­ցուած նուէր­նե­րը՝ հաց, գի­նի, պտուղ­ներ, եւ ա­նուն-ա­նուն կը յի­շէին, որ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հայ­րը յի­շա­տա­կէ պա­տար­ա­գի ըն­թաց­քին,

բ) Ե­կե­ղե­ցիի մէջ «քա­րոզ­կար­դաց» էին՝ ի­մաց­նե­լով ու կան­չե­լով ժո­ղո­վուր­դը՝ ա­ղօ­թե­լու, ծնրադ­րե­լու, ա­պաշ­խա­րե­լու ժա­մա­նակ, իսկ ա­պաշ­խա­րող­նե­րը կը կանգ­նեց­նէին ի­րենց տե­ղե­րը եւ ժա­մա­նա­կին՝ ե­կե­ղե­ցիէն դուրս կը հա­նէին,

գ) Ե­կե­ղե­ցիին մէջ Ա­ւե­տա­րան կը կար­դա­յին,

դ) Հա­ղոր­դուե­լու կ՚ա­ռաջ­նոր­դէին ե­կե­ղե­ցին գտնուող­նե­րը եւ եր­բեմն կը տա­նէին բա­ցա­կա­նե­րու տու­նե­րը կու տա­յին՝ բռնած ըլ­լա­լով սկի­հը եւ կամ ձեռ­քին ու­նե­նա­լով թաշ­կի­նա­կը,

ե) Սուրբ Սե­ղա­նի վրայ գտնուած սրբա­զան ի­րե­րը եւ ա­նօթ­նե­րը ա­նոնց կը յանձ­նուէր՝ պահ­պա­նե­լու եւ հսկե­լու՝ սի­րոյ ե­րե­կո­յի եւ ճա­շի վրայ,

զ) Սար­կա­ւագ­ներ, ե­կե­ղե­ցիի մէջ կը հսկէին կար­գա­պա­հու­թեան՝ լռու­թիւն պա­հե­լու հա­մար։

Բա­ցի այս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, մին­չեւ ա­ւե­լի վար կար­գե­րու սահ­մա­նու­մը, ա­նոնք կը կա­տա­րէին ու կը կազ­մա­կեր­պէին կար­գե­րը, այն է՝ աղ­քատ­նե­րը, ա­նոք­նե­րը եւ այ­րի­նե­րը կե­րակ­րել, գրա­ւոր հա­շիւ­նե­րը պատ­րաս­տել, չմկրտուած­նե­րուն քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նը ու­սու­ցա­նել, ե­ւայլն։

Իսկ երբ ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ ե­ղան, այն է՝ կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ, դպիր­ներ՝ ըն­թեր­ցող­ներ եւ այլք, այն ժա­մա­նակ այդ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դրուե­ցաւ ա­ւե­լի վար աս­տի­ճան­նե­րու վրայ։

Սար­կա­ւագ­ներ կը մաս­նակ­ցէին տիե­զե­րա­կան եւ տա­րե­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րու, միայն կանգ­նած մտիկ կ՚ը­նէին ա­ռանց ձայ­նի ի­րա­ւուն­քի, միայն Ա­թա­նա­սը, իբ­րեւ սար­կա­ւագ, Ա­րիո­սի դէմ յա­րու­ցած մեծ խռո­վու­թեան ժա­մա­նակ տիե­զե­րա­կան ժո­ղո­վի մէջ ի­րա­ւունք խնդրե­լէ յե­տոյ վէ­ճի բռնուե­ցաւ Ա­րիո­սի հետ եւ ճար­տար լե­զուով պաշտ­պա­նեց ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցին։

Ե­փե­սո­սի ժո­ղո­վի ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րու մէջ նաեւ կան ե՛ւ սար­կա­ւագ­ներ՝ ինչ­պէս կը վկա­յէ պատ­մու­թիւ­նը։

Ընդ­հա­նուր ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով սար­կա­ւագ­ներ, ի­րա­ւունք չու­նին ո՛չ մկրտու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ ո՛չ քա­րո­զե­լու, բայց հի­նե­րու մէջ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ միշտ կը պա­տա­հէին։ Զոր օ­րի­նակ, Ոս­կե­բե­րա­նը, Եփ­րեմ Ա­սո­րին սար­կա­ւագ ժա­մա­նակ ե­կե­ղե­ցիի մէջ կը քա­րո­զէին։

Այս պայ­ման­նե­րու տակ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ կը խոր­հիք այն սար­կա­ւա­գին մա­սին, որ կ՚ը­սէ. «այ­սօր հոս պա­տա­րա­գե­ցի, միւս օր՝ ու­րիշ տեղ մը պա­տա­րա­գե­ցի…», փո­խա­նակ ը­սե­լու, թէ ծա­ռա­յե­ցի Սուրբ Սե­ղա­նին։ Մե­ծամ­տու­թի՞ւն, տգի­տու­թի՞ւն, թէ ան­գի­տակ­ցու­թի՛ւն, այդ «սար­կա­ւագ»ին մա­սին ո­րո­շու­մը ձե­զի կը ձգեմ, եւ կ՚ը­սեմ. «Աս­տուած ե­կե­ղե­ցիէն հե­ռո՜ւ պա­հէ այդ­պի­սի սար­կա­ւա­գը…»։ Բայց դժբախ­տա­բար կայ այդ ինք­նա­հա­ւան սար­կա­ւա­գի օ­րի­նա­կը մեր շուրջ եւ կը շա­րու­նա­կէ ինք­նա­հա­ւա­նու­թեամբ գոր­ծել ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Կան նաեւ կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ։ Կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րը կը կո­չուէին ուղ­ղա­կի ծա­ռա­յող­ներ (Նիկ. 2, Լա­ւոդ. 22, 43) եւ ա­նոնց պար­տա­ւո­րու­թիւնն էր Սուրբ Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ կանգ­նիլ դրան մօտ եւ կար­գը պա­հել, հսկել ա­պաշ­խա­րող­նե­րու վրայ, ա­նոնք ամ­բողջ ու­րար չէին կրեր, այլ՝ բազ­կու­րար ձախ բա­զու­կին վրայ. ա­նոնց պար­տա­կա­նու­թիւնն էր նաեւ՝ զգես­տա­ւո­րել պա­տա­րա­գի­չը, խնկար­կել, քա­րոզ կար­դալ, ե­ւայլն։ Կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րը ե­կե­ղե­ցիէն դուրս՝ կը կա­տա­րէին ե­պիս­կո­պո­սի զա­նա­զան յանձ­նա­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք կը պատ­կա­նին «աշ­խար­հիկ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան» դա­սա­կար­գին, ինչ­պէս դպիր­ներ եւ սպա­սա­ւո­րող պաշ­տօ­նեա­ներ…։

- Սկզբնաղ­բիւր­ներ.-

1) Վազ­գէն Յա­կո­բեան, «Կա­նո­նա­գիրք Հա­յոց»,

2) Ներ­սէս Վրդ. Մե­լիք-Թան­գեան, «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քը»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­նուար 28, 2016, Իս­թան­պուլ

 

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016