ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը շա­բա­թա­վեր­ջին փու­թաց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց դպրա­պետ Խա­չիկ Սար­կա­ւագ Սա­րը­լը։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը հա­մերգ մը սար­քեց մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։ Ո­գե­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ այս հա­մեր­գի ըն­թաց­քին, ո­րու ժա­մա­նակ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը միաս­նա­բար պա­րե­ցին ու ապ­րե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի պա­հե­ր։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը շրջա­պա­տե­ցին մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը ու մտեր­միկ զրոյց ու­նե­ցան ա­նոնց հետ։ Ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տը շա­րու­նա­կուե­ցաւ, մինչ խո­րա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան թէ՛ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը եւ թէ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

Նոյն առ­թիւ, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոցի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կար­գադ­րու­թեամբ պա­տուա­սի­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք հրա­ժեշտ ա­ռին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով եւ թէ ի­րենց բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լով մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն նկատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016