SUPER BOWL

«Ես ա­մե­րի­կեան ֆութ­պո­լի սի­րա­հար չեմ:
Տա­րին մէկ ան­գամ կը դի­տեմ, այդ ալ
 «Սու­փըր պոլ»ն է»:

ՎԱ­ՉԷ ԲՐՈՒ­ՏԵԱՆ

Գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նար­կի մը գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սե­րէն մէկն էր այդ օր Վա­չէն, եւ նախ­քան իր խօս­քին անց­նի­լը՝ ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ ձեռ­նար­կը եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար, սա­կայն նոյն օր «Սու­փըր պոլ»ի խա­ղին պատ­ճա­ռով յե­տաձ­գուած էր այս օ­րուան թուա­կա­նին: Ե­թէ Վա­չէն չանդ­րա­դառ­նար, վստա­հա­բար պա­րապ սրա­հի առ­ջեւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար այդ օրուան սքան­չե­լի գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նար­կը:

Նոյ­նիսկ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­յեր այդ օր պի­տի նա­խընտ­րէին «Սու­փըր պոլ»ը:

«Սու­փըր պոլ»ը ա­մե­րի­կեան ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քին ա­ւար­տա­կան խաղն է:

Ես ալ, Վա­չէին նման, այդ խա­ղին սի­րա­հա­րը չեմ, սա­կայն այդ օր բա­ցա­ռա­բար կը դի­տեմ՝ ա­ռանց շատ բան հասկ­նա­լու, թէ ի՛նչ կ՚անց­նի կը դառ­նայ: Նոյ­նիսկ չեմ հասկ­նար, թէ ի՛նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ «ֆութ­պոլ» կ՚ա­նուա­նեն, երբ հա­զուա­դէպ է գնդա­կը ոտ­քով հա­րուա­ծե­լը, իսկ բո­լո­րիս ծա­նօթ ֆութ­պո­լը՝ ոտ­նագն­դա­կը, կ՚ա­նուա­նեն «սա­քըր»:

Ա­նոնք, ո­րոնք Ա­մե­րի­կա ծնած, կամ ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն ե­կած եւ հոն հա­սակ ա­ռած են, կը հասկ­նան խա­ղին օ­րէնք­նե­րը եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին: Ես ո՛չ մէկն եմ, ո՛չ ալ միւ­սը:

Սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է՝ «Սու­փըր պոլ»ի օ­րը, ըն­կեր­նե­րով հա­ւա­քուիլ մէ­կու մը տու­նը եւ միա­սին դի­տել խա­ղը՝ կե­րու­խու­մով: Կը հա­ւա­քուին նաեւ կարգ մը հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րու մէջ, ուր մեծ պաս­տա­ռով հե­ռա­տե­սիլ մը վար­ձած կ՚ըլ­լան այդ օ­րուան հա­մար:

Այդ օր Ա­մե­րի­կա­յի փո­ղոց­նե­րը կ՚ա­մա­յա­նան: Վա­ճա­ռա­տու­նե­րը «ճանճ կը քշեն»: Խճո­ղուած ճա­շա­րան­նե­րու մէջ մար­դիկ, ու­տե­լէ ա­ւե­լի, կը խմեն եւ հե­ռա­տե­սի­լէն կը հե­տե­ւին խա­ղին:

«Փից­ցա» մա­տա­կա­րա­րող ճա­շա­րան­նե­րը ի­րենց ստա­ցած պատուէր­նե­րը դժուա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ժա­մա­նա­կին հասց­նե­լու ապսպ­րող յա­ճա­խորդ­նե­րուն տու­նե­րը:

Դրա­մա­կան գրաւ­ներ կը դրուին, թէ ո՛ր խում­բը պի­տի ըլ­լայ յաղ­թա­կա­նը: Լաս Վե­կա­սի մէջ գրաւ­նե­րու գու­մա­րը եր­բեմն կը հաս­նի տաս­նեակ հա­զար­նե­րու:

Կը կաս­կա­ծիմ, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն զատ, աշ­խար­հի ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ այն­քան հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւող­ներ ըլ­լան այդ օրուան «Սու­փըր պոլ»ի մրցու­մին, մինչ­դեռ, երբ բաղ­դա­տա­կան մը ը­նենք Եւ­րո­պա­յի կամ աշ­խար­հի ոտ­նագն­դա­կի ա­խո­յեա­նա­կան մրցում­նե­րուն հետ, հա­մե­մա­տու­թիւն չկայ: Ամ­բողջ աշ­խար­հը հեւ ի հեւ կը հե­տե­ւի այդ խա­ղե­րուն: Ժա­մե­րու տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով շա­տեր կէս գի­շե­րին կամ ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն կ՚արթննան՝ հե­տե­ւե­լու այդ  ճա­կա­տագ­րա­կան, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հե­տաքրք­րա­կան մրցում­նե­րուն:

Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ոտ­նագն­դա­կը եր­կար տա­րի­նե­րէ ան­տե­սուած մար­զա­խաղ մը ե­ղած էր, սա­կայն վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րուն զգա­լիօ­րէն մեծ թիւ սկսած են հա­շուել մեր հասկ­ցած ոտ­նագն­դա­կի՝ ֆութ­պո­լի սի­րա­հար­նե­րը:

Ա­մե­րի­կաբ­նակ սպա­նա­խօս­ներն ու հա­րա­ւա­մե­րի­կա­ծի­նե­րը, ո­րոնք սկսած են պատ­կա­ռե­լի թիւ մը հա­շուել, կը նա­խընտ­րեն ոտ­նագն­դա­կը, եւ մե­զի նման կ՚ա­նուա­նեն ֆութ­պոլ եւ ոչ թէ՝ «սա­քըր»: Ի­րենց հա­մար նմա­նա­պէս ծաղ­րան­քի նիւթ դար­ձած է ոտ­նագն­դա­կին այդ տա­րօ­րի­նակ ո­րա­կու­մը:

Հա­մա­ցան­ցի մէջ հան­դի­պե­ցայ բա­ցատ­րա­կա­նի մը, ուր կը նշէ պատ­ճառ­նե­րը, թէ ին­չո՛ւ ա­մե­րի­կա­ցիք հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չու­մով ոտ­նագն­դա­կը ֆութ­պոլ չեն կո­չեր, այլ՝ «սա­քըր»:

Անտ­րա­մա­բա­նա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ էին, ո­րոնց մա­սին չ՚ար­ժեր է­ջեր մրո­տել: Թող կո­չեն՝ ի՛նչ որ կ՚ու­զեն:

Այդ­պէս են ա­մե­րի­կա­ցիք: Կը կար­ծեն, թէ մի՛շտ ի­րենք ճիշդ են եւ կ՚ու­զեն տար­բեր մի­ջոց­նե­րով «իւ­րա­յա­տուկ» դառ­նալ:

Հա­մայն աշ­խարհ չա­փե­րու «մեթ­րիք» դրու­թիւ­նը որ­դեգ­րած է, իսկ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ՝ «ոտք» եւ «ինչ» չա­փե­րը կը գոր­ծա­ծուին: Նոյնն է պա­րա­գան ջեր­մաս­տի­ճա­նին: Փո­խա­նակ բո­լո­րին նման գոր­ծա­ծե­լու «սան­թիկ­րէյտ»ը (հա­րիւ­րա­մասն), կը գոր­ծա­ծեն «Ֆահ­րըն­հայթ»ը (հնա­րի­չին ա­նու­նով): Քի­լօմեթ­րի փո­խա­րէն՝ կը գոր­ծա­ծեն «մայլ»: Քի­լօկ­րա­մի փո­խա­րէն՝ «փաունտ», նաեւ՝ «աունս» եւ «կա­լոն»:

Վե­րա­դառ­նա­լով ա­մե­րի­կեան այս­պէս կո­չուած «ֆութ­պոլ»ին՝ բա­ւա­կան վայ­րի խաղ մըն է: Խա­ղա­ցող­նե­րուն հսկայ եւ հուժ­կու ըլ­լա­լը պայ­ման է: Ա­նոնք կարծր սա­ղա­ւար­տով կը պաշտ­պա­նեն ի­րենց գլուխ­նե­րը: Կը պաշտ­պա­նեն նաեւ ի­րենց ու­սե­րը, ա­պա թէ ոչ իւ­րա­քան­չիւր խա­ղի ան­պայ­ման քա­նի մը խա­ղա­ցո­ղի գլու­խը կրնայ ջար­դուիլ կամ շա­տե­րու ու­սը տե­ղէն ել­լել: Գնդա­կը ի­րա­րու ձեռ­քէ խլե­լու իս­կա­կան «կռիւ» մըն է: Ե­թէ տե­ղեակ ըլ­լա­յի խա­ղին քա­նի մը օ­րէնք­նե­րուն, հա­ւա­նա­բար ես ալ այդ խա­ղը սի­րող­նե­րու շար­քին անց­նէի, սա­կայն ա­ռա­ջին օ­րէն գրա­ւիչ չեմ գտած եւ սոր­վե­լու մա­սին չեմ իսկ մտա­ծած:

Ա­ռանց հասկ­նա­լու՝ կը դի­տեմ եւ, ար­դիւն­քէն ա­ւե­լի, կը սպա­սեմ միջ­նա­դա­դա­րին, մար­զա­դաշ­տին կեդ­րո­նը կա­տա­րուե­լիք եր­գա­հան­դէ­սին, որ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուող իս­կա­կան ա­ր-ւեստ մըն է:

Մենք՝ հե­ռա­տե­սի­լով հե­տե­ւող­ներս, բե­մի պատ­րաս­տու­թիւ­նը դի­տե­լու չենք ար­ժա­նա­նար: Այդ ժա­մա­նակ մե­զի կը հրամց­նեն ան­հատ­նում ձանձ­րա­ցու­ցիչ ծա­նու­ցում­ներ:

Հիա­նա­լի ըլ­լա­լու զու­գա­հեռ, նաեւ զար­մա­նա­լի է, թէ ինչ­պէ՞ս այդ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, հապ­ճե­պով, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան­թե­րի կը պատ­րաս­տեն դաշ­տի կեդ­րո­նի հսկայ բե­մը, ե­րաժշ­տա­կան եւ լու­սա­ւո­րու­մի սար­քա­ւո­րում­նե­րը: Ե՞րբ ժա­մա­նակ կը գտնեն բաժ­նե­լու հան­դի­սա­տես­նե­րու կա­տա­րե­լիք «դե­րե­րը», ո­րոնք յա­ճախ տար­բեր ձե­ւե­րով ի­րենք ալ մաս­նա­կից կը դառ­նան յայ­տա­գի­րին:

Հիա­նա­լի, սքան­չե­լի ու զար­մա­նա­լի:

Այդ քա­նի մը ժա­մուան յայ­տա­գի­րին ծա­նու­ցում­նե­րու սա­կը, ըստ լա­ւա­տե­ղեակ աղ­բիւր­նե­րու, ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն բարձր է: Իւ­րա­քան­չիւր երկ­վայր­կեա­նի (ճիշդ կար­դա­ցիք. երկ­վայր­կեան), ար­ժէքն է քա­նի մը հա­րիւր հա­զար տո­լար:

*

Հնա­րուած բո­լոր գիւ­տե­րը Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ծնունդ ա­ռած են՝ սկսե­լով ինք­նա­շար­ժէն, մին­չեւ հե­ռա­տե­սիլ եւ հե­ռա­ձայն: Շատ չան­ցած՝ այդ նո­րու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­դօ­րի­նա­կուին մեծ մա­սամբ Ճա­բո­նի կամ Չի­նաս­տա­նի կող­մէ եւ հան­րու­թեան կը վա­ճա­ռուին շատ ա­ւե­լի յա­ջող եւ յար­մար գի­նե­րով, քան՝ ա­մե­րի­կեա­նը:

Միշտ այդ­պէս ե­ղած է: Նա­խա­ձեռ­նո­ղը ե­ղած է Ա­մե­րի­կան, իսկ տար­բեր եր­կիր­ներ վե­րար­տադ­րած են շատ ա­ւե­լի դիւ­րա­մատ­չե­լի եւ լաւ ո­րա­կով:

Կարգ մը մար­զա­խա­ղեր, նմա­նա­պէս, ծնունդ ա­ռած են Ա­մե­րի­կա­յի մէջ եւ շու­տով տա­րածուած ու դար­ձած են մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ըն­դունուած, ինչ­պէս՝ պաս­քեթ­պո­լը: Ա­մե­րի­կեան ֆութ­պո­լը, դար­ձեալ ծնունդ ա­ռած է Ա­մե­րի­կա­յի մէջ (վկա՛յ իր ա­նու­նը), սա­կայն ոչ մէկ եր­կիր ու­զած է «որ­դեգ­րել»:

Գա­նա­տա ըն­դու­նած է, ո­րով­հե­տեւ զայն Ա­մե­րի­կա­յի մէկ մաս­նի­կը կա­րե­լի է հա­մա­րել: Մին­չեւ իսկ Գա­նա­տա­յի Թո­րոն­թո­յի պաս­քեթ­պո­լի խում­բը մաս կը կազ­մէ Ա­մե­րի­կա­յի Պաս­քեթ­պո­լի ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան (NBA):

«Սու­փըր պոլ»ի յաղ­թա­կան խում­բը ո՛չ միայն կը ստա­նայ Ա­մե­րի­կա­յի ա­խո­յե­նու­թեան տիտ­ղո­սը, այլ նաեւ զայն կը կո­չեն «Աշ­խար­հի ա­խո­յեան», քա­նի Ա­մե­րի­կա­յէն զատ ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ նման մրցում տե­ղի չ՚ու­նե­նար: Այլ եր­կիր­նե­րու մէջ նոյ­նիսկ ար­հես­տա­վարժ «ֆութ­պոլ»ի խում­բեր կա­րե­լի չէ գտնել:

Կի­րա­կի, 7 Փետ­րուար 2016-ին Ա­մե­րի­կա­յի 50 նա­հանգ­նե­րու բնակ­չու­թեան մէկ կա­րե­ւոր մա­սը հե­տե­ւե­ցաւ «Սու­փըր պոլ»ի 50-րդ ա­ւար­տա­կան մրցու­մին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի, Սան­թա Քլա­րա քա­ղա­քին մէջ:

Ա­ւար­տա­կան մրցու­մի հա­սած էին Քա­րո­լայ­նա­յի «Փեն­թըրզ» եւ Տեն­վը­րի «Պրոն­քոզ»  խում­բե­րը:

Վերջ­նա­կան ար­դիւնք՝ «Փեն­թըրզ» 10, իսկ «Պրոն­քոզ»՝ 24:

*

Աշ­խար­հը ա­րիւն կու լայ: Պա­տե­րազմ, մահ ու ա­ւեր, բազ­մա­հա­զար ան­մեղ զո­հեր ու գաղ­թա­կան­ներ:

Ան­հա­շիւ նիւ­թա­կան վնաս­ներ կրե­լէ ետք, յու­սա­հատ գաղ­թա­կան­ներ ի­րենց կեան­քը դար­ձեալ վտան­գե­լով՝ մա­կոյկ­նե­րով կը փոր­ձեն հաս­նիլ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ:

Ար­դեօք քա­նի՞ հո­գի տե­ղեակ է, թէ ի՛նչ կ՚անց­նի կը դառ­նայ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ: Հե­ռա­տե­սի­լէն սխալ ու ան­հիմն լու­րեր լսե­լէ քա­նի մը վայր­կեան ետք ար­դէն մոռ­ցած են ա­մէն ինչ: Ո­րո՞ւ հո­գը. սա­կայն երբ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, պա­տահ­մամբ, շուն մը կամ կա­տու մը գե­տը իյ­նայ, ան­մի­ջա­պէս օգ­նու­թեան ջո­կատ­ներ կը հաս­նին ա­զա­տե­լու «խեղճ» ա­նա­սու­նը, մինչ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կամ ափ­րի­կեան եր­կիր­նե­րու տա­ռա­պեալ­նե­րով ոչ իսկ կը հե­տաքրք­րուին:

Հե­ռա­տե­սի­լի կարգ մը կա­յան­ներ ան­մի­ջա­պէս կ՚ընդ­հա­տեն ի­րենց յայ­տա­գիր­նե­րը ու ժա­մե­րով ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նե­կից կը դարձ­նեն այդ «խղճա­լի» տե­սա­րա­նին, թէ պի­տի կա­րե­նա՞ն ա­զա­տել այդ շու­նը կամ կա­տուն:

Ընդ­հան­րա­պէս կ՚ա­զա­տեն, եւ կ՚ար­ժէ տես­նել ժո­ղո­վուր­դին հրճուան­քը: «Կեանք մը փրկուե­ցաւ», սա­կայն ան­դին մարդ­կա­յին տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր կեան­քեր կը կոր­սուին, տու­ներ կը քան­դուին, քա­ղաք­ներ կը կոր­ծա­նին:

Ո­րո՞ւ հո­գը:

Ա­մե­րի­կա­յի մէջ կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի բնա­-կա­նոն ու «եր­ջա­նիկ»:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ բազ­մա­հա­զար ան­մեղ զո­հե­րու թի­ւը օ­րէ օր կը բազ­մա­պատ­կուի, իսկ Ա­րեւ­մուտ­քի եր­կիր­նե­րու մէջ շքեղ հան­դի­սու­թիւն­նե­րը մեծ շու­քով կը շա­րու­նա­կուին: Մէկ կող­մէ մար­դիկ՝ օ­րուան հա­ցի կա­րօտ, միւս կող­մէ, շար­ժա­պատ­կե­րի դե­րա­սա­նու­հի­նե­րու՝ «Օս­քար»նե­րու մրցա­նա­կա­բաշխ­ման օ­րուան յա­տուկ «Կար­միր քար­փեթ»ին հա­մար կա­րուած իւ­րա­քան­չիւր հա­գուս­տով, որ քա­նի մը հա­զար տո­լա­րով կը գնա­հա­տուի, իսկ ա­տի­կա պի­տի հա­գուին քա­նի մը ժամ միայն:

«Սու­փըր պոլ» եւ «Օս­քար»:

Այդ օ­րե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի բնակ­չու­թեան ջախ­ջա­խիչ տո­կո­սը, ի­րենց հե­ռա­տե­սիլ­նե­րուն դի­մաց գա­մուած, կը հե­տե­ւի այդ «խիստ կա­րե­ւոր» յայ­տա­գիր­նե­րուն:

«Սու­փըր պոլ»ի տե­ղի ու­նե­ցած մար­զա­դաշ­տին լոյ­սե­րը ամ­բողջ քա­ղաք մը կրնան լու­սա­ւո­րել: Լու­սա­ւոր է ամ­բողջ Ա­մե­րի­կան: Բնա­կիչ­նե­րը չեն գի­տեր, թէ ի՛նչ ը­սել է ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ընդ­հա­տում: Հա­կա­ռակ լու­սա­ւոր երկ­րի մը մէջ ի­րենց կե­ցու­թեան՝ ա­մե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դին բա­ւա­կան մեծ տո­կո­սը տա­կա­ւին կ՚ապ­րի «Լու­սա­ւոր խա­ւա­րի» մէջ:

Տա­րօ­րի­նակ, տա­րօ­րի­նակ մարդ ա­րա­րած,
մո­մի լոյ­սով՝ խա­ւա­րի մէջ հա­մա­տա­րած,
կը հա­լա­ծես դու տե­սիլք­ներ ա­րե­ւա­վառ,
կը խար­խա­փես եւ խա­ւա­րին չես հա­ւա­տար… (Ար­թուր Մես­չեան):

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս, 2016

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016