ՀԻՆ ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ

Հայաստանի մէջ նոր նախագիծ մը կեանքի կոչուած է։ Քանի մը տարիէն նոր շէնք կամ թաղամաս պիտի գոյանայ կեդրոնին մէջ, «Հին Երեւան» անունով: Ամէն մարդ անհամբերութեամբ կը սպասէ, թէ ինչ տեսք պիտի ունենայ «Հին Երեւան» անունը կրող այդ փողոցը, որու կառուցումը արդէն հաստատուած է պետական մակարդակով եւ աւարտին պիտի հասցուի նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ:

Յաճախ կը խօսուի, որ հին Երեւանը պատմա-ճարտարապետական արժէք ունեցող քաղաք մը եղած է, որ, սակայն, ժամանակի ընթացքին ենթարկուած է զանազան փոփոխութիւններու, կառուցապատումի, նոր շինարարական իրագործումներու, որու արդիւնքին կորսնցուցած է հին դիմագծի մեծ մասը: Եղած հնութիւնները պահպանելու եւ արդէն կորսնցուցածը վերականգնելու համար, 2005 թուականին մեծ շարժում սկիզբ առած է Հայաստանի մէջ. երիտասարդներ, արուեստագէտներ, բնապահպաններ, ճարտարապետներ եւ այլ մասնագէտներ բողոքի ալիք բարձրացուցած են նոր կառուցապատողներու դէմ՝ չքանդել արդէն քիչ թիւով մնացած հին շէնքերը, պահպանել քաղաքի նախնական դիմագիծը:

Ճիշդ է՝ Արգիշտի արքան քանի մը հազարամեակ առաջ հիմնած է Էրեբունին, բայց բուն Երեւանը՝ որպէս քաղաք, քանի մը դարու պատմութիւն ունի: Բուն Երեւանի քաղաքաշինական դիմագիծը ձեւաւորուած է հիմնականը Ցարական Ռուսաստանի ժամանակներուն: Այդ ժամանակուան Երեւանէն այսօր միայն սեւ-ճերմակ լուսանկարներ մնացած են, եւ Երեւանի դիմագիծը այսօր ձեւաւորուած է միայն վերջին տասնամեակներու ճարտարապետութեան հաշւոյն:

Բայց վիճակը այնքան ալ յուսահատ չէ եւ իրականութիւնը այն է, որ մինչեւ օրս պահպանուած 19-20-րդ դարերուն բնորոշ կառոյցներու եւ կազմաքանդուած շէնքերու լուսանկարներով հնարաւոր է վերակազմել հին Երեւանի մէկ փոքրիկ հատուածը, որ այսօր արդէն, որպէս ամբողջական նախագիծ, ներկայացուցած է հայրենի անուանի ճարտարապետ, նախագծող Լեւոն Վարդանեան:

Գաղափարը, որ եղած լուսանկարներու հիման վրայ կարելի է վերականգնել հին Երեւանի տեսքը, Լեւոն Վարդանեան յղացած է տակաւին 1970-ականներուն, սակայն այդ տարիներուն դժուար էր իրականացնել նման համարձակ գաղափար մը: Որպէս իր կեանքի նուիրական երազանք, այս նախագիծը տարիներ շարունակ հետապնդած է Լեւոն Վարդանեան եւ Հայաստանի անկախութենէն տարիներ յետոյ միայն զայն դրուած է քննարկման: Տասը տարի պետական եւ հանրային մակարդակներու վրայ քննարկուելէ ետք 2014 թուականին կառավարութիւնը հաստատած է ճարտարապետի գաղափարը՝ Երեւանի կեդրոնին մէջ վերականգնել 19-րդ դարու վերջի Երեւանէն մէկ կտոր:

Լե­ւոն Վար­դա­նեան ծնած է 1948 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 6-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 1966 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը, 1972 թուա­կա­նին՝ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տա­թա­տե­րա­կան կա­ճա­ռը։ 1976 թուա­կա­նէն ի վեր կը դա­սա­ւան­դէ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միոյ մէջ։ Ան կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ շէն­քե­րու քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Մաս­նակ­ցած է հա­մա­միու­թե­նա­կան մի­ջազ­գա­յին սեմ­փո­զիում­նե­րու եւ պիե­նալ­նե­րու (1992, 1994, 1998, Ռա­ւեն­նա)։ Իր փոքր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, Մոս­կուա­յի Տրե­տեա­կո­վեան պատ­կե­րասրա­հին, Ե­րե­ւա­նի Փայ­տա­րուես­տի թան­գա­րա­նին, Վա­նա­ձո­րի Գե­ղա­րուես­տի թան­գա­րա­նին մէջ։ Իր գլխա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն են. «Ե­րե­ւան» (1981, հար­թա­քան­դակ, փայ­տեայ, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րան), «Աշ­խա­տան­քի երգ» (1985, տուֆ, Ե­րե­ւա­նի մեթ­րո­փո­լի­թե­նի «Գոր­ծա­րա­նա­յին» կա­յա­րան), «Մա­տող­ներ» (1986, տուֆ, Ռու­սաս­տա­նի Վոլ­կո­տոնսկ քա­ղա­քը), «Սպի­տա­կա­քար, ոս­կեգմ­բէթ Մոս­կուան» (1997, հար­թա­քան­դակ, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ), «Աս­տու­ծոյ աչք» (1998, պրոնզ, Ի­տա­լիոյ Ռա­ւեն­նա քա­ղա­քին մէջ)։

«Հին Երեւան»ը պիտի իրականացուի Աբովեան, Փաւստոս Բուզանդ, Եզնիկ Կողբացի եւ Արամի փողոցներով սահմանափակուող թաղամասին մէջ:

Ան պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 300 մեթր երկարութեամբ փողոց մը, որու երկու կողմերուն պիտի կառուցուին յուշարձանային նշանակութիւն ունեցող շէնքեր՝ հին Երեւանի քանի մը նշանաւոր տոհմերու յայտնի տուները, որոնց լուսանկարները պահպանուած են: Ատոնք են՝ Բաբաջանեաններու տունը, վաճառականներ Գէորգ Անտոնեանի, Ֆատէյ Թադէոսեանի տուները, Աֆրիկեաններու տունը, Գիլանեանի լեմոնատի գործարանի շէնքը եւ այդպէս շուրջ տասնհինգ զանազան հնագոյն կառոյցներ իրենց վերականգնումը պիտի գտնեն Երեւանի սիրտին մէջ: Կազմաքանդուած շէնքերու ճարտարապետական եւ գեղարուեստական յարդարանքը պիտի վերականգնուի բնօրինակներուն հարազատ: Այդ շէնքերու քարերը, քանդումէն առաջ, թուագրուած են եւ այսօր կը պահպանուին յատուկ վայրի մը մէջ, եւ ըստ քարերու վրայ դրուած թիւերու ալ կեանք պիտի առնեն նոր տարածքին մէջ: Իսկ «Հին Երեւան»ի բակային հատուածը նախատեսուած է իբրեւ հետիոտներու համար գոց փողոց մը: Այդ փողոցը պիտի ըլլայ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մին, բայց միայն՝ հետիոտներու համար, քանի որ նաեւ պիտի գտնուի հետիոտնային շարժման ամենէն բանուկ հատուածին վրայ եւ պիտի տարբերի միւս փողոցներէն՝ իր վերը դրուելիք ծածկին պատճառով: Ծածկը ոչ միայն անցորդներու համար այդ հատուածը կը պահպանէ արեւէն ու անձրեւէն, այլ նաեւ կը ստեղծէ մտերմիկ միջավայր մը, որ կ՚առանձնանայ ժամանակակից բարձրայարկերէն: Հետիոտներու համար նախատեսուած փողոցը պզտիկ նրբանցքներ պիտի ունենայ, որոնք թէ՛ զբօսաշրջիկներուն, թէ՛ տեղացի ժողովուրդին պիտի ուղեկցին վերականգնուած շէնքերու ներքին բակեր: Շէնքերու բակերն ու տանիքները նախատեսուած է կանաչապատել, իսկ ներսի հատուածները վարպետաց խանութներու վերածել: Այդ վարպետաց խանութները պիտի ըլլան արծաթագործներու, գորգագործներու կրպակներ, սրճարաններու, ազգային խոհանոցի պանդոկներ, ցուցասրահներ եւ այլն: Ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեան երազանք ունի այդ վարպետաց խանութներու մէջ տեղաւորել ներկայի Վերնիսաժը, որ, ըստ իրեն, աւելի գեղեցիկ ու կոկիկ տեսք մը պիտի ստանայ, քան՝ ներկայս ցաք ու ցրիւ վիճակը:

Եւրոպական բազում քաղաքներ արդէն ունին հին քաղաքի վերականգնման նմանատիպ փորձ: Շատ պարագաներուն հին շէնքերը, բացի պատմական յուշարձան ըլլալէ, կը կիրառուին նաեւ որպէս պանդոկներ, արուեստանոցներ, պատկերասրահներ: Ժամանակակից շատ կազմակերպութիւններ կը նախընտրեն իրենց գրասենեակները տեղակայել պատմութիւն ունեցող հնաոճ շէնքերու մէջ, ինչ որ առանձնակի շուք կը հաղորդէ եւ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ:

 «Հին Երեւան» նախագիծը այս առումով բացառութիւն պիտի չըլլայ, եւ պատմամշակութային համալիր դառնալէ զատ, ան նաեւ հետաքրքրական գործնական միջավայր մը պիտի դառնայ:

«Հին Երեւան» նախագիծը հինի եւ նորի թէ՛ հակադիր եւ թէ ներդաշնակ համադրութիւն մը պիտի դառնայ, եւ ամենէն կարեւորը՝ ան պիտի ըլլայ կանաչ տարածք մը՝ ջրային լուծումներով, փոքրիկ շատրուաններով եւ աղբիւրներով: Աղբիւրը հին Երեւանի բակային տարածքի կարեւորագոյն տարրը եղած է, ուստի հին Երեւանը յիշեցնող տարածքի մէջ առաջնային ներգրաւուած է ջուրի աղբիւրը: Տարածքը հարուստ պիտի ըլլայ նաեւ նկուղներով, քանի որ նկուղն ալ, մեծահարուստներու շէնքերու անբաժան մասը եղած է, ինչպէս նաեւ փայտեայ պատշգամը, նախշազարդ պատը, դարպասը, խաղողի այգիները եւ հին Երեւանը յիշեցնող այլ մանրամասներ, որոնք պիտի տեսնենք «Հին Երեւան» թաղամասին մէջ:

Շուրջ տասը տարի քննարկուող «Հին Երեւան» ծրագիրը, կառավարութեան կողմէ հաստատուելէ ետք նախագծի գանձատրումը ստանձնած է զուիցերաբնակ հայ գործարար, ներդրող, նախկին պոլսահայ Վարդան Սրմաքէշ, որ շէնքերու կառուցման համար տրամադրած է 120-150 միլիոն տոլար: Շինարարութեան կանխավճարը տրամադրած է կառավարութիւնը, եւ շինարարութիւնը արդէն սկսած է: Ժամկէտները ճիշդ պահպանելու պարագային, ամենէն ուշ չորս տարիէն «Հին Երեւան»ը կեանքի կոչուած ծրագիր մը պիտի ըլլայ:

Վարդան Սրմաքէշ 1980-ական թուականներուն կը զբաղէր Cartier եւ Richemont ժամացոյցներ արտադրող ընկերութիւններու համար պատեաններու, ինչպէս նաեւ՝ Daniel Roth ընկերութեան համար մասնիկներու պատրաստամբ, սակայն 1991 թուականին, երբ հանդիպած է ժամագործ Ֆրանք Միւլլէրին, անոնք սկսած են համատեղ աշխատիլ ապրանքանիշի յառաջմղման ուղղութեամբ:

Այժմ ան Franck Muller ընկերութեան համասեփականատէրը եւ գլխաւոր տնօրէնն է։ Ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կատարած է 1.3 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում, որու արդիւնքին կազմակերպուած է ժամացոյցներու մարմիններու եւ ոսկեայ զարդերու արտադրութիւն:

Սրմաքէշ նաեւ 1999 թուականէն ի վեր «Արարատ» ֆութպոլի ակումբի համասեփականատէրն է։

Նշանաւոր գործարարը գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի դրամատնային ասպարէզէն ներս, մասնաւորապէս, «Արցախպանք»ի 39.1 տոկոսի եւ «Արմսուիսպանք»ի 80 տոկոսի բաժնետէրն է։

2013 թուականին ան նշանակուած է Մարսէյլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս։ Որպէս գործարար եւ գործիչ Վարդան Սրմաքէշ կարգ մը մրցանքներու տիրացած է, ինչպէս՝ 2008 թուականին «Մրցանակ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ» (Prix De L՚Industrie), որ կը տրուի Ժընեւի Առեւտուրի պալատին կողմէ, նաեւ՝ 2011 թուականին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետայլը:

Անցեալ տարի, հերթական այցելութիւնը կատարելով Հայաստան, Վարդան Սրմաքէշ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն մասին խօսելով հաստատած է, որ պիտի շարունակէ իր ներդրումային քաղաքականութիւնը եւ ներկայիս ծրագրած է աջակցիլ յատկապէս Կիւմրիի եւ Շիրակի մարզի առաւել կարիքաւոր գիւղերու տնտեսութեան բարելաւման: Արդէն իսկ որոշ քայլեր առնուած են Շիրակի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթական ու մշակութային օճախներու վերականգնման ուղղութեամբ: Իր բարերարութիւններով նշանաւոր Վարդան Սրմաքէշ խոստացած է կարելի եղածին չափ աջակցիլ նաեւ սուրիահայութեան՝ ստանձնելով որոշ բնագաւառներու մէջ անոնց աջակցելու պատրաստակամութիւնը, որոնց կարգին՝ Հալէպի մանկատան հովանաւորութիւնը:

ԱՖՐԻԿԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ

«Հին Երեւան» նախագծի մէջ վերականգնուող շէնքերէն մէկն ալ պիտի ըլլայ նշանաւոր Ափրիկեաններու տունը, որ կը գտնուէր Տէրեան փողոցի վրայ եւ որու պահպանման համար մեծ քաղաքացիական արշաւներ սկսած էին վերջին տարիներուն:

Ներկայիս շէնքը քանդուած է, քարերը պահպանուած են եւ նոյն ձեւով պիտի վերանականգնուի պատմաճարտարապետական նոր թաղամասին մէջ: Տէրեան 11 հասցէի մէջ գտնուող Ափրիկեաններու ակումբը կառուցուած է 19-րդ դարու վերջին՝ հայ մեծահարուստ տոհմ նկատուած Ափրիկեան եղբայրներու կողմէ։ Ափրիկեանները եղած են քաղաքային տումայի անդամներ, ունեցած են զանազան գործարաններ, ձեռնարկութիւններ եւ լուրջ ներդրում կատարած են քաղաքի պատմութեան մէջ։ Ափրիկեան եղբայրներու ջանքերով 1911 թուականին Երեւանը առաջին անգամ ապահովուած է խմելու ջուրով։

Անոնց տունը դարձած է ակումբ, որ հաւաքատեղի եղած է քաղաքի նշանաւոր մարդոց եւ վերնախաւի համար։ Անոնք կը հաւաքուէին ակումբին մէջ եւ գաւաթ մը թէյի շուրջ կը քննարկէին քաղաքական, հասարակական եւ այլ խնդիրներ։

1913 թուականին շէնքը եղած է քաղաքային ակումբ եւ պատկանած է ընտանիքի անդամներէն Առաքել Ափրիկեանին։

1926 թուականին շէնքը պետականացուած է խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ եւ տրամադրուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան։ Աւելի ուշ ան վերածուած է բազմաբնակարան շէնքի, ուր բնակութիւն հաստատած են շուրջ երեսուն ընտանիքներ։

Խորհրդային տարիներուն ակումբի շէնքի նկուղային յարկերուի մէջ բանտարկուած են իշխանութիւններու կողմէ հետապնդուող կարգ մը մարդիկ, որոնց կարգին եղած է բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց։

Ափրիկեաններու շէնքին քով «Հին Երեւան»ի մէջ վերականգնուած պիտի տեսնենք նաեւ այլ նշանաւոր տոհմերու տուներ, որոնց քով նաեւ՝ այդ տոհմերու պատմութիւնը: Նոր սերունդը «Հին Երեւան» նախագծի միջոցաւ պիտի ծանօթանայ Երեւանի ոչ վաղ անցեալի կարեւոր մէկ դրուագին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016