ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԱՀԻՏ ՏԻԼՍԻԶԵԱՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի վառ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին՝ Ա­նա­հիտ Տիլ­սի­զեան։ Իս­կա­պէս ե­զա­կի ան­հա­տա­կա­նու­թիւն մըն էր Ա­նա­հիտ Տիլ­սի­զեան, որ կը վա­յե­լէր մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք։ Ան քոյրն էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի նախ­կին բժշկա­պետ­նե­րէն Զա­քար Թար­վե­րի, որ ե­ղած էր նաեւ ե­րես­փո­խան։ Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը այն­պէս տնօ­րի­նած էր, որ իր եղ­բօր պաշ­տօ­նա­վա­րած Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ ան իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կայք հաս­տա­տած էր որ­պէս մնա­յուն բնա­կիչ եւ բա­րե­րա­րու­հի։

Ա­նա­հիտ Տիլ­սի­զեան կո­ղա­կիցն էր հան­գու­ցեալ բժիշկ Նա­զա­րէթ Տիլ­սի­զեա­նի, որ նոյն­պէս ու­նէր բա­րի համ­բաւ մը։ Դժբախ­տա­բար, ապ­րած էր իր միակ որ­դին կորսնց­նե­լու ցնցու­մը, քա­նի որ իր որ­դին՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ ու­սա­նած Տքթ. Գէորգ Տիլ­սի­զեան մա­հա­ցած էր վա­ղա­ժամ։

Ա­նա­հիտ Տիլ­սի­զեան տի­պար ըն­տա­նե­կան մայր մըն էր, անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ կ՚ապ­րէր մեր ար­ժէք­նե­րուն հա­ղորդ եւ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը մշտա­կան պատ­գամ մըն էր՝ այդ ար­ժէք­նե­րու փա­րած մնա­լու տե­սա­կէ­տէ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րու շար­քին ան ու­նէր խորհր­դան­շա­կան դիրք մը եւ իր մարմ­նա­ւո­րած կեր­պա­րով պատ­կա­ռանք կ՚ազ­դէր բո­լո­րին։ Հարկ է նշել, որ հի­ւան­դա­նո­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ան կը վա­յե­լէր նաեւ մշտա­կան խնամք՝ Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ, իսկ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա հա­րա­զատ դստեր մը վե­րա­բեր­մուն­քը ցոյց կու տար ի­րեն նկատ­մամբ։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեալ Ա­նա­հիտ Տիլ­սի­զեա­նի բա­րի հոգ­ւոյն ու կը վշտակ­ցինք իր պա­րա­գա­նե­րուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016