ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Եւ ի վերջոյ հասած է սպասուած օրը։ Այսօր երեկոյեան, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պարի պետական համոյթին ելոյթը՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին հետ։ Իսթանպուլահայ գեղարուեստասէրներուն կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր սպաս-ւած ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ՝ վառ հետաքրքրութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի հովանաւորութեան ներքեւ։
Հայաստանի Պարի պետական համոյթի եւ «Մարալ»ի համատեղ այս ձեռնարկը կը խոստանայ դառնալ արտասովոր երեկոյթ մը, որ երկար ժամանակ անմոռանալի պիտի մնայ հանդիսատեսներու յիշողութեան մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024