ԻՇԽԱՆԻՆ ԱՂՋԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ

Կա­փառ­նաու­մի ժո­ղո­վուր­դին «իշ­խան»ը, այ­սինքն ժո­ղո­վա­րա­նին հո­գա­բար­ձու­նե­րէն մին՝ Յայ­րոս տաս­նուեր­կու տա­րե­կան աղ­ջիկ մը ու­նէր՝ որ ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ կը տա­ռա­պէր։

Յայ­րոս երբ լսեց որ Յի­սուս կու գայ, դի­մա­ւո­րեց զայն եւ ա­ղա­չեց որ գայ եւ բժշկէ աղ­ջի­կը։ Յի­սուս ըն­դու­նեց եւ խուռն բազ­մու­թեան մը հետ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի Յայ­րո­սի տու­նը։ Աղջ­կան հայ­րը կ՚ա­ճա­պա­րէր, քա­նի որ Յի­սու­սի ու­շա­նա­լը ի­րեն հա­մար մա­հու եւ կե­նաց հարց մըն էր եւ ժա­մա­նա­կը կա­րե­ւոր էր։ Աղ­ջի­կը մա­հա­մերձ էր եւ ա­մէն պահ, ա­մէն վայր­կեան մա­հուան վտան­գը կը մօ­տե­նար։

Վեր­ջա­պէս, հա­զիւ թէ մօ­տե­ցած էին, ա­հա հե­ռուէն Յայ­րո­սի տու­նէն մի քա­նի հո­գի շտա­պով դէ­պի ի­րենց կու գար։ Յայ­րոս հե­տաքր­քիր է եւ մտա­հո՛գ. լուր մը կ՚ու­զէ առ­նել, բա­րի, լաւ լուր մը, բայց յան­կարծ կը տխրի, ափ­սո՜ս, տու­նէն ե­կող­նե­րը կը գու­ժեն. «Աղ­ջի­կը մե­ռաւ, պա­րապ տեղ վար­դա­պե­տը մի՛ յոգ­նեց­ներ, աղջ­կան բժշկու­թեան ա­տե­նը ան­ցաւ այ­լեւս»։

­Յի­սուս կը լսէ ա­նոնց խօս­քե­րը, կը լսէ «սեւ լուր»ը, բայց ա­ռանց վրդո­վե­լու, ա­ռանց տագ­նա­պե­լու Յայ­րո­սին կը դառ­նայ եւ կ՚ը­սէ. «Մի՛ վհա­տիր, մի՛ երկմ­տիր, հա­ւատքդ կա­տա­րեալ պա­հէ. աղ­ջիկդ չէ՛ մե­ռած, այլ կ՚ապ­րի՛»։­

Այս հո­գե­վի­ճա­կը կը տե­ւէ ամ­բողջ ճամ­բու ըն­թաց­քին։ Եւ վեր­ջա­պէս տուն կը հաս­նին։ Ար­դէն տու­նը «մե­ռե­լի տուն» դար­ձած է. ար­ցունք, լաց ա­մէ­նուն կող­մէ՝ սգա­կիր­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը լե­ցու­ցած է տու­նը։

Յի­սուս տես­նե­լով այս բո­լո­րը, հան­դար­տօ­րէն ներս կը մտնէ. ա­մէ­նուն կը պա­տուի­րէ վերջ տալ, դադ­րեց­նել լացն ու կո­ծը եւ լռեց­նել յու­սա­հատ ող­բե­րը։

«Աղ­ջիկդ մե­ռած չէ՛, այլ կը քնա­նայ», կ՚ը­սէ հա­մո­զիչ շեշ­տով մը։ Բայց ներ­կա­նե­րը՝ տնե­ցի­ներ, լա­լա­կան­ներ, ծա­նօթ­ներ, դրա­ցի­ներ՝ ո­րոնք աղջ­կան վեր­ջին շունչ տա­լը տե­սած էին, կը սկսին ծաղ­րել Յի­սու­սը։

Յի­սուս հան­դարտ եւ անվր­դով է. ինք­նավս­տահ եւ հաս­տա­տա­միտ։ Կը դառ­նայ Յայ­րո­սին եւ աղջ­կան մօր, կը քա­ջա­լե­րէ, կը խրա­խու­սէ, եւ այս եր­կու­քը եւ իր ա­շա­կերտ­նե­րէն ե­րե­քը՝ Պետ­րո­սը, Յա­կո­բո­սը եւ Յով­հան­նէ­սը միայն մէկ­տեղ առ­նե­լով՝ կը մտնէ այն սե­նեա­կը՝ ուր «մե­ռած» կար­ծուած աղ­ջի­կը տա­րա­ծուած էր գետ­նին վրայ։ Այս հինգ հո­գիէն զատ ո՛վ որ կար, դուրս կը հա­նէ եւ սե­նեա­կին դու­ռը կը փա­կէ։

Սե­նեա­կին դու­ռը փա­կե­լէ ետք, Յի­սուս կը մօ­տե­նայ աղջ­կան ան­շունչ մար­մի­նին, ձեռ­քէն կը բռնէ եւ հան­գա­մա­նօ­րէն հրա­մա­յա­կան շեշ­տով կ՚ը­սէ.

«Աղ­ջիկս, ե՛լ»։ Եւ իս­կոյն աղ­ջի­կը կը կանգ­նի։

Ղու­կաս ա­ւե­տա­րա­նիչ կ՚ը­սէ. «Աղջ­կան հո­գին վե­րա­դար­ձաւ» (ՂՈՒԿ. Ը 55), ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ աղ­ջի­կը իս­կա­պէս մե­ռած էր։ Իսկ Մար­կոս ա­ւե­տա­րա­նիչ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ Յի­սու­սի խօս­քե­րը. «Տա­լի­թա՛, կու­մի» (ՄԱՐԿ. Ե 41), ժա­մա­նա­կին Հրեա­նե­րուն խօ­սած ա­րա­մե­րէ­նով, որ կը նշա­նա­կէ՝ «Աղ­ջիկ, քե­զի կ՚ը­սեմ՝ ե՛լ»։ Իսկ Մատ­թէոս ա­ւե­տա­րա­նիչ կը բա­ւա­կա­նա­նայ միայն ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը յի­շել՝ ա­ռանց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու։

Մար­կոս ա­ւե­տա­րա­նիչ, Յայ­րո­սի աղջ­կան բժշկու­թեան պատ­մու­թիւ­նը ա­մե­նէն եր­կար գրողն է։

Ան­շուշտ բա­ցատ­րել կա­րե­լի չէ աղջ­կան ծնող­քին՝ Յայ­րո­սի եւ իր կնոջ ու­րա­խու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ տան մէջ խռնուած բազ­մու­թեան զար­մա­ցու­մը յայտ­նել՝ երբ սե­նեա­կին դու­ռը կը բա­ցուի եւ մե­ռած կար­ծուած աղ­ջի­կը, ողջ ա­ռողջ, զուարթ ու կայ­տառ, քա­լե­լով, մօ­րը հետ սե­նեա­կէն դուրս կու գայ՝ ա­նուշ քու­նէ մը արթն­ցած տղու մը նման։

Յի­սուս աղջ­կան ծնող­քին կը պա­տուի­րէ որ քիչ մը կե­րա­կուր տան՝ ի՛նչ որ կը հաս­տա­տէ, թէ՛ ա­նոր ի­րա­պէս կեն­դա­նա­ցած ըլ­լա­լը, թէ՛ կա­տա­րե­լա­պէս ա­ռող­ջա­ցած ըլ­լա­լը։ Եւ Յի­սուս պա­տուի­րեց աղջ­կան ծնող­քին՝ որ չտա­րա­ծեն պա­տա­հա­րը եւ չար­ծար­ծեն։

Հա­կա­ռակ Յի­սու­սի այս պա­տուէ­րին, դէպ­քը սկսաւ խօ­սուիլ բո­լոր Գա­լի­լիա­յի մէջ եւ շրջա­կայ­քը։

Ա­հա­ւա­սիկ, Յայ­րո­սի աղջ­կան յա­րու­թիւ­նը երկ­րորդ հրաշքն է՝ որ մե­ռա­ծը կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ։ Յա­րու­թիւ­նը ինք­նին հրա՛շք մըն է, քա­նի որ կեան­քի ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ բնա­կան օ­րէն­քին բա­ցա­ռու­թիւնն է հրաշ­քը։

Այս ի­մաս­տով իս­կա­կան հրաշք մըն էր դէպ­քը եւ ո՛չ թէ դի­պուած կամ պա­տահ­մունք։

Ար­դա­րեւ հրաշ­քը՝ մարդ­կա­յին ու­ժե­րը եւ կա­րո­ղու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցող ե­րե­ւոյթ մըն է՝ սքան­չե­լիք մը, ո­րուն էու­թիւ­նը կա­րե­լի է բա­ցատ­րել միա՛յն աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թեամբ եւ ա­մե­նա­կա­րող, ա­մե­նա­կալ ըլ­լա­լու յատ­կու­թեամբ։ Ուս­տի «հրաշք»ը կա­րե­լի չէ հա­մո­զիչ եւ բա­նա­կան կեր­պով բա­ցատ­րել՝ ակն­յայ­տօ­րէն դուրս մնա­լով բնու­թեան օ­րէնք­նե­րու ներ­գոր­ծու­թեան ո­լոր­տէն, նաեւ՝ մարդ­կա­յին ա­մէ­նօ­րեայ փոր­ձա­ռու­թեան հա­մա­կար­գէն՝ այն բո­լոր գի­տե­լիք­նե­րու վրայ, զորս այ­սօր ու­նի մարդ­կու­թիւ­նը։ Պարզ խօս­քով՝ մարդ իր ներ­կայ գի­տու­թեամբ եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ չի կրնար հասկ­նալ եւ ի­մաս­տը ըմբռ­նել «հրաշք» ե­րե­ւոյ­թին։

«Հրաշք»ը միշտ կը կա­տա­րուի ի­րա­կան եւ թանձ­րա­ցեալ նպա­տա­կով՝ օգ­նե­լո՛ւ որ մարդ զգայ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը իր կեան­քին մէջ։ Այս ի­մաս­տով, նոյ­նիսկ հրաշք գոր­ծե­լէ Տէ­րը չի սահ­մա­նա­փա­կեր մար­դու ա­զա­տու­թիւ­նը, մար­դուն միշտ ընտ­րու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղու հա­ւա­տա­լու կամ չհա­ւա­տա­լու։ Եւ ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի չ՚ու­զեր տես­նել կամ խոս­տո­վա­նիլ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը իր կեան­քին մէջ, ա­պա նոյ­նիսկ հրաշ­քի գերբ­նա­կան ու­ժը չի կրնար հա­մո­զել այդ­պի­սի մար­դուն միտ­քը։

Մարդ ըն­դու­նակ է Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լու, զԱյն ըն­դու­նե­լու եւ հա­ւա­տա­լու միայն այն ժա­մա­նակ, երբ ա­նոր հո­գիին խո­րը կը պահ­պա­նուի բա­րո­յա­կան սկզբուն­քը։ Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել նաեւ հրաշ­քի մա­սին։ Մար­դը այն դէպ­քին մէջ հրաշ­քը կ՚ըն­դու­նի որ­պէս Աս­տու­ծոյ ու­ժին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը, աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը, երբ ա­նոր հա­մար գո­յու­թիւն ու­նին անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ եւ նա­խադ­րեալ­ներ, եւ երբ ան, ու­նե­նա­լով հա­ւատ եւ Աս­տու­ծոյ բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ սրտով ըն­դու­նե­լու յօ­ժա­րու­թիւն, ա­զատ կեր­պով ըն­դա­ռաջ կ՚ել­լէ իր Տի­րոջ։

Իսկ երբ կը բա­ցա­կա­յին բա­րո­յա­կան պայ­ման­ներ եւ նա­խադ­րեալ­ներ՝ հրաշ­քը որ­պէս մար­դու կեան­քին մէջ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան նշա­նակ եւ վկա­յու­թիւն ըն­դու­նե­լու փո­խա­րէն ա­նոր մէջ յար­գա­լից զար­մանք կը ստեղ­ծէ։ Ո­մանք ի­րենց կա­րո­ղու­թեան եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան չա­փով կը փոր­ձեն բա­ցատ­րել գերբ­նա­կան ե­րե­ւոյ­թը, ո­մանք ալ բո­լո­րո­վին ան­տար­բեր՝ կը նա­խընտ­րեն ընդ­հան­րա­պէս չմտա­ծել այդ մա­սին։

Ար­դեօք մեր օ­րե­րուն հրաշք­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նա՞ն։

Ա­յո՛, ան­վի­ճե­լի է, թէ մեր օ­րե­րուն, մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մէջ հրաշք­ներ կը պա­տա­հին, նոյ­նիսկ այ­սօ­րուան հրաշք­նե­րը ա­ւե­լի պա­կաս չեն, քան ան­ցեա­լի մէջ կա­տա­րուած­նե­րը։ Ա­մէն շրջա­նի, ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ ան­պայ­ման «հրաշք» կը կա­տա­րուի։ Բայց ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար, ո­մանք ան­տար­բեր՝ ա­ռօ­րեայ հո­գե­րու եւ զբա­ղում­նե­րու մէջ կ՚ան­տե­սեն հրաշ­քը, կար­ծե­լով թէ՝ ան դի­պուած մը, պա­տահ­մունք մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016