ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ե­րու­սա­ղէմ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Հրէից րա­բու­նա­պե­տա­րան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նի։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հրեայ հա­մայն­քը կը նշէ Պա­սե­քի տօ­նը, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Րա­բու­նա­պետ Ռաւ Ի­սաք Հա­լե­ւա­յի ան­ձին մէջ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղեց Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քին։

Նոյն առ­թիւ խա­խա­մա­պե­տա­րան փու­թա­ցած էին նաեւ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քիս միւս քրիս­տո­նեայ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016