ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս դպրոցի աշակերտութեան համար կազմակերպուեցաւ շրջապտոյտ մը դէպի Կապադովկիա եւ Անգարա։ Խումբը գլխաւորեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, որու հետ էին նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ։
Կապադովկիոյ մէջ տղաքը ծանօթացան շրջանի պատմամշակութային գեղեցկութիւններուն։ Իսկ պտոյտի Անգարայի ծրագրի վառ հանգրուանն էր տեղւոյն ֆրանսական մատրան մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը։ Աշակերտները ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեց Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան աշակերտներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գարեգին Պարսամեանի։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024