ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ՀԱՄԵՐԳԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Հրանդ Չիզէմճեանը, որուն կ՚ընկերանային Շմաւոն Տավուլճեան եւ Գլոտին Էժտէրեան։ Հիւրերը փութացած էին մեզի տեղեկացնել, որ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի պատանեկան կազմը կը պատրաստուի հանդէս գալ համերգներով։ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ պատանեկան կազմը այս տարի արդէն երկրորդ անգամ բեմ պիտի բարձրանայ։ Անցեալ տարուան փորձառութեան հիման վրայ տղաքը աւելի քան վեց ամսուան աշխատանք մը տարած են, ինչ որ կատարելագործման լաւ առիթ մը եղած է անոնց տեսակէտէ։ Հիմա 47 պատանիներէ բաղկացեալ այս կազմը կը պատրաստուի ներկայացնել 16 հայերէն երգերէ բաղկացեալ իր նոր յայտագիրը։ Պատանեկան կազմը հանդէս պիտի գայ նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ դաշնակահար Աւետիս Էօզտեմիրի առաջնորդութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Աւետիս Էօզտեմիր Քառասուն Մանկանց երգչախումբի երգեհոնահարն է եւ իր երկու յօրինումները մաս պիտի կազմեն պատանեկան կազմի համերգի երգացանկին։
Հրանդ Չիզմէճեան հաճելի զրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, թէ կը ջանան նոր սերունդը հաղորդ պահել հայ երաժշտութեան։
Քառասուն Մանկանց երգչախումբի պատանեկան կազմին յառաջիկայ երկու համերգները տեղի պիտի ունենան Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճի երդիքին տակ։ Համերգներէն մին նախատեսուած է Տատեանի եւ համայնքային միւս վարժարաններու աշակերտութեան համար։ Իսկ երկրորդ համերգը բաց պիտի ըլլայ ընդհանուրին համար։
Հրանդ Չիզմէճեան մեզի յայտնեց, որ կը ծրագրեն ամրան շրջանին այս համերգը կրկնել նաեւ Գնալը կղզիի մէջ։