ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը ներ­կա­յիս թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 20-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած է ա­սու­լիս­նե­րու շարք մը, ո­րու ա­ռա­ջի­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ թեր­թի խմբագ­րա­տան «Հա­ւաք» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Ա­կօս»ի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէն Ե­դուարդ Տան­ձի­կեան, որ նշեց, թէ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին իւ­րա­քան­չիւր ամ­սա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած են ա­սու­լիս­ներ՝ քննար­կե­լու հա­մար հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի զա­նա­զան հար­ցե­րը։

Ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած ա­ռա­ջին ա­սու­լի­սին նիւթն էր Թուր­քիոյ մէջ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խնդի­րը։ Ա­սու­լի­սի նիս­տա­վարն էր Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին Լուիզ Պա­քար, Ռի­թա Էն­տէր, Լա­քի Վին­կաս եւ Սաիտ Սու­սին։ Օ­րուան նիւ­թը զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րէ մեկ­նա­բա­նե­լով՝ ա­տե­նա­խօս­նե­րը անդ­րա­դար­ձան, թէ պե­տու­թիւ­նը ինչ­պէ՛ս կ՚ըն­կա­լէ, կը դի­տար­կէ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կու­տա­կուած խնդիր­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ յա­ռա­ջա­ցած հա­կա­սա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն եւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ներ­կա­յիս ու­րուագ­ծուած նոր հո­րի­զոն­նե­րուն։

Ա­սու­լի­սը ա­ւար­տին հա­սաւ հար­ցում-պա­տաս­խա­նով։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016