ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ ԴԱՍՈՒԵՑԱՒ «ԿԱՆԱՉ ԱՍՏՂՈՎ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»

Շիշ­լիի գա­ւա­ռա­կէն ներս Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նը դափ­նե­կիր դար­ձաւ բնա­պահ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Շիշ­լիի Կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը վեր­ջերս մրցոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Իս­թան­պու­լի Թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ «Կա­նաչ աստ­ղով վար­ժա­րան­ներ» խո­րագ­րեալ այս մրցոյ­թի ար­դիւն­քին Գա­րա­կէօ­զեան հան­դի­սա­ցաւ ա­ռա­ջին։

Մրցոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր չորս ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ։ Ա­նոր նպա­տակն էր ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ զգայ­նու­թիւն առ­թել բնա­պահ­պա­նու­թեան նկատ­մամբ։ Բաց աս­տի, ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րը եւ ջու­րը խնա­յո­ղա­բար, ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ մի­ջոց­նե­րը վե­րամ­շա­կե­լու հե­տա­մուտ էր այս ծրա­գի­րը։ Սահ­մա­նուած բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րու լոյ­սին տակ Գա­րա­կէօ­զեա­նը ընտ­րուե­ցաւ ա­ռա­ջին։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը ստա­ցաւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւի ձե­ռամբ։ Այս առ­թիւ որ­պէս պար­գեւ դպրո­ցին յանձ­նուե­ցաւ «Հա­մա­կար­գի­չի սե­նեակ» մը։

Միւս կող­մէ, վար­ժա­րա­նի ճատ­րա­կի խում­բը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցաւ «Թե­րաք­քի» վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին։ Այս տա­րի 25-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քին շրջագ­ծով Գա­րա­կէօ­զեա­նի սա­նե­րէն Ա­լեք­սան Զա­րու­քի ա­ռանց պար­տու­թիւն կրե­լու նուա­ճեց ա­ռաջ­նու­թեան մե­տայ­լը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016