ՏՕՆԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ
Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց ու մանկապատանեկան կազմերը հանդէս եկան համերգով մը՝ ներկայացնելով անցեալ շրջանին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին արդիւնքը։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, թաղի Հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ծնողներ եւ բազմաթիւ թաղեցիներ։
Յայտագրի առաջին բաժնին մէջ հանդէս եկաւ մանկանց կազմը՝ խմբավարութեամբ Յուսիկ Սաքմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս եկաւ մանկապատանեկան կազմը՝ գլխաւորութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Հարկ է նշել, որ երկու կազմերուն ալ նախապատրաստութիւններուն վերահսկած էր մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեան։ Համերգի ընթացքին ձայնի սարքաւորումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Արմենակ Գազանճեան։ Ներկաները գնահատանքով ունկնդրեցին Վարդանանց երգչախումբի մանկանց ու մանկապատանեկան կազմերուն կողմէ ներկայացուած տոհմիկ երգերուն։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք մը արտասանեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան գնահատագրեր յանձնեց Ատրուշան Հալաճեանին, Յովսէփ Գույումճեանին, Լիւսի Գահվէճիօղլուին, Յուսիկ Սաքմանին, Շանթ Էսմէրին, Մուրատ Չաքըրին, Նաթալի Պեքթաշեանին, Պարէտ Պեքթաշեանին, Նենսի Քազիքօղլուին, Նաթալի Թուրաչին եւ Սէրլի Մայիսօղլուին։
Աւելի վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, ջերմօրէն շրջապատեցին մանկանց եւ մանկապատանեկան կազմերու տղաքը եւ իրենց խորին գնահատանքը յայտնեցին Վարդանաց Դպրաց Դաս-երգչախումբի վարիչներուն նկատմամբ՝ նոր սերունդին ուղղեալ այս ծրագրերուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024