ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ աւանդական խանդավառութեամբ հրաժեշտ տրուեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատուոյ հիւրն էր շրջանաւարտից հանդէսին։ Ներկայ էին Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մըխալեան, տնօրէն Շահին Չընար, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագրին շրջագծով դպրոցի պատասխանատուները շրջանաւարտներուն համար արտասանեցին շնորհաւորութեան խօսքեր։ Ապա տղաքը ստացան իրենց վկայականները, մինչ իրենց յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։ Ընթացաւարտները իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը հատեցին Զէքիեան Գերապայծառին եւ միւս պատասխանատուներուն հետ։ Վարժարանէն հրաժեշտի փուլին անոնք զուարճացան միասնաբար։
Միւս կողմէ, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի ընտանիքը վերջերս իրականացուց նաեւ դաշտապտոյտ մը։ Բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ անմոռանալի պտոյտ մը եղաւ այս մէկը, որ կազմակերպուած էր դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ։