ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹԱՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­նե­րը ան­ցեալ շա­բաթ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղե­ցին։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին տղա­քը, ո­րոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։ Դպրո­ցէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ ա­շա­կերտ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ լաւ ա­ռիթ մըն էր ե­կե­ղեց­ւոյ մթնո­լոր­տին հա­ղորդ դառ­նա­լը։ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը կա­տա­րե­ցին ժա­մեր­գու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ներ­կայ ե­ղան նաեւ ի­րենց ծնող­նե­րը։ Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ըն­թաց­քին յի­շե­ցուց, թէ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­ռանց­քա­յին նպա­տակ­նե­րէն մին է ժա­ռան­գել հայ քրիս­տո­նեայ ինք­նու­թիւ­նը։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան յոր­դո­րեց իւ­րաց­նել մեր հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը, տէր կանգ­նիլ մեր գան­ձե­րուն։

Ե­կե­ղե­ցիէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016