«ԿԱՏԱԿԻ ԲԱԺԻՆ Է»

Միա­ցեալ նա­հանգ­նե­րու մէջ Ծնունդ-Կա­ղանդ տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը՝ ար­դէն եր­կու-ե­րեք ա­միս­ ա­ռա­ջուը­նէ կը սկսին խա­նութ­նե­րու ցու­ցա­փեղ­կե­րու վրայ...։ Սա­կայն մի՛ փնտռէք կրօ­նա­կան-հո­գե­ւոր տե­սան­կիւն. այդ ի­րենց հո­գը չէ. ի­րենց հար­ցը պիզ­նը­սի հետ է. դրա­մի շրջա­նա­ռու­թիւ­նը, կե­րու­խու­մը եւ այդ­պէս խնջոյք ը­նե­լը... ու հո­սան­քը այդ կը պա­հան­ջէ, լաւ սեր­տուած է ի հար­կէ։ Հո­սան­քը բա­նա­կա­նու­թեան հետ հաշտ չէ, իսկ այդ վեր­ջինն ալ՝ քի­չե­րու յա­տուկ: Կայ շար­ժում, կայ կիրք, ե­ռու­զեռ։ Բա­նա­կա­նութ­իւն փնտռել­ը պիտ­ի նման­ի տնտե­սա­պէս հար­ուս­տին գրպան­ին մէջ գութ փնտռել­ու: Ինչ որ պիզ­նըս է, ու­էլ­քամ: Ուր­եմն՝ օն, յա­ռաջ:

Ըն­տա­նիք­ի մը հինգ­եր­որդ աղ­ջիկ զա­ւակ­ի ծնուն­դին հետ միա­տեղ կը մա­հա­նայ մայ­րը. ի հարկ­է հօր կը մնայ դուստր­ը խնամ­ել­ու պար­տա­կան­ութ­իւն­ը, որ լիով­ին կը կա­տա­րէ ու տար­ին­եր կ՚անց­նին...։ Ն­ո­րա­ծին­ը կը դառ­նայ պար­մա­նուհ­ի ու կը ծագ­ի միտք մը, թէ ինչ­ու «հայր­եր­ու օր» չսահ­մա­նու­ի, երբ ինք մօրմ­է զրկ­­ուած էր, հայրն էր... «մայր­ը», եւ «մայր­եր­ու օր»ուան հ­­ետ աճ­ման ա­ռըն­չութ­իւն չուն­էր: Պար­մա­նուհ­ին կը դիմ­է քար­ո­զի­չին, սաալ՝ քա­ղա­քա­պետ­ութ­եան, որ կ՚ըն­դուն­ի միտք­ը, ու Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ աշ­խարհ­ի վրայ «օր» մը կ՚աւ­ել­ցըն­է՝ «Հայր­եր­ու օր»: Ու քան­ի որ Միա­ցեալ Նա­հանգն­եր­էն է ճա­ռա­գայթ­ում­ը, կը տա­րա­ծու­ի աշ­խարհ­ի վրայ ու մենք ալ՝ նե­րա­ռեալ հա­յերս, կը հետ­եւ­ինք:

Երբ ա­ռաջ­ին ան­գամ լսեց­ի... ըս­ի «այս տ­­օն­ը նե­րա­ծուած է» եւ այդպ­էս էր ուր­եմն:

Մեզ­ի հա­մար մ­­իա­ձոյլ է ըն­տա­նիք­ը եւ հայր ու մայր ձեւ­ով մը հո­մա­նիշ են ի­րա­րու եւ զի­րար կ՚ամբ­ող­ջաց­նեն: Կ՚ըս­ենք Մայր Հա­յաս­տան... Հայր­են­իք եւ այլն:

Իսկ խնդ­­իր­ը այս «օր»եր­ուն (ընդ­հա­նուր­ը նկատ­ի ուն­իմ) կը յատ­կան­շու­ի... նու­ի­րա­տուութ­եամբ... դար­ձեալ պ­­իզն­ըս­ի հետ առըն­չութ­իւն: Եւ քա­նի որ պէտք է նա­եւ բա­րո­յա­կան-դրա­կան կ­­ողմ մըն ալ տ­­եսն­ենք, որ­ոն­ենք ու գտնենք... եթ­է չկայ՝ յօր­ին­ենք:
Ըս­ի միայն պ­­իզն­ըս չէ, այս բա­նը լաւ է ա­նոնց՝ որ­ոնք այս կամ այն պատ­ճա­ռաւ ի­րար­մէ (հայ զա­ւակ) քիչ մը պա­ղած են, ա­ռիթ մըն է մօտ­ե­նան, քիչ մը ա­նուշ օր­երն ալ յ­­իշ­ել­ով զի­րար տեսն­են կամ կա­պակ­ցին, հե­ռա­ձայն եւ այլն... ի­րարու ն­­եր­են ու դար­ձեալ ա­րիւն­ը հոս­ի հե­զա­սահ, ինչպ­էս որ հարկն է, վեր­ջա­պէս ըն­տա­նիք են՝ ծառն ու պտուղ­ը: Ուր­իշ ի՞նչ դրա­կան բան. դրա­կան որ ի հարկ­է, դժբախ­տա­բար կ­­ու գայ նախկ­ին ժխտա­կան իր­ող­ութ­են­է կամ եղ­ել­ութ­են­է: Շնոր­հաւ­ո­րանք այդպ­իս­ին­երը:

Շնոր­հա­ւոր «Հայր­եր­ու օր»...։

Պ­իզն­ըս­ի յաջ­ող­ութ­իւն եւ «պա­ղած»ն­­եր­ու ջերմ­ութ­իւն:

Շատ հոգ ըն­ել­ու կար­իք չկայ: Ա­մէն տար­ի կու գայ:

Յ.Գ. Յայտն­ի է, թէ մարդ իր ա­մէն մէկ վայրկ­եա­նին մէջ կը պար­ու­նա­կէ ան­ցեալ մ­­ը ամ­բողջ, որմ­է սե­րած է նա­խաս­տեղծագ­ործ­ութ­են­էն։ Ստեղ­ծա­գործ­ութ­իւն ու պատմ­ութ­եան հա­զա­րաւ­որ դա­րեր­ու ճա­նա­պարհ, իսկ իբր հայ, եւ մեր Ե­ղեռն­ի ապ­րումն­եր­ը, վե­րապ­րում, եւ դեռ այ­սօր­ուան պայ­քարն­երն ու ե­րազն­եր­ը...։ Հ­ուսկ ե՛ւ Ծնունդ, ե՛ւ խա­չել­ութ­իւն, ե՛ւ յար­ութ­իւն... ե՛ւ բարձ­րու­թիւն, ե՛ւ գա­հա­վիժ­ում, ե՛ւ դեռ ինչ որ կը պա­տա­հի, որ­ոնց կեն­դա­նի վկայ ենք արդ­էն մեր կեան­քով: Հու՛սկ՝ ա­մէն օր «հայր­եր­ու օր» է նա­եւ: Գէթ ես այդպ­էս կը զգամ։ Ի միջ­ի այ­լոց, դուստր­երս զիս շնոր­հա­ւոր­ել­է ետք... կ­՚ա­ւելցն­են. «Պա­պա, կա­տա­կի բա­ժին է»:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016