ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մօտ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կայանի եղանակի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը վերածուեցաւ իսկական տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գնալըի բարձունքին հերթական անգամ համայնքային շրջանակները համախմբուեցան զօրակցելու համար Կազդուրման կայանին, որ թրքահայ իրականութեան ինքնուրոյն հաստատութիւններէն մին է՝ իր եզակի առաքելութեամբ։
Առաւօտեան շատ կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ՝ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Ի ժամ Ս. Պատարագի Ընդհանուր Փոխանորդը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան նշեց, թէ մարդ արարածը պէտք է սանձէ իր կամքը ու պէտք է գիտնայ գոհանալ իր ունեցածով։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ մեր համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն հասցէին շրջանառութեան մէջ դրուած բամբասանքներուն։ Ըստ իրեն, մարդիկ պէտք է ներկայացնեն ապացոյցներ, եթէ ունին, իսկ եթէ չունին՝ պէտք չէ թիւր տպաւորութիւններ ստեղծեն համայնքային վարիչներու մասին։
Ս. Պատարագին հետեւեցան նաեւ Կազդուրման կայանի սաները, որոնք ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Կրօնական արարողութիւնները աւարտին հասան հոգեհանգստեան պաշտօնով, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Կազդուրման կայանի հիմնադիրները, սատարողները եւ այնտեղ պատասխանատուութիւն ստանձնած բոլոր կրթական մշակները։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ծանօթ է, որ այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենար անցեալ շաբաթ, սակայն զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտին մէջ յետաձգուած էր։ Այս հանգամանքը թէեւ որոշ չափով ազդեց մասնակցութեան վրայ, սակայն աւանդական խանդավառութիւնը մնաց նոյնը, մանաւանդ՝ որ այս տարի Կազդուրման կայանը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան Կղզեաց գաւառապետ Հիքմէթ Տենկէշիր, քաղաքապետ Քեմալ Այթաչ, ԱՔ կուսակցութեան կղզեաց մասնաճիւղի ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Տուրմուշ եւ Իսթանպուլի հայաբնակ շրջաններէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Համայնքային շրջանակներէն ալ հոծ մասնակցութիւն մը կար այս հանդիսութեան համար։ Այսպէս ներկաներու շարքին էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սեղաններուն շուրջ համախմբուած հանդիսականները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Նարօտ Տեմիրճիի հանդիսավարութեամբ։ Ան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որմէ վերջ հրապարակեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին կողմէ ուղարկուած հեռագիրը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, Արթին Քիլէճի եւ Նաժտա Շատեան, որ կը գլխաւորէ 50-ամեակի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբը։ Իր կարգին, Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ ընդգծեց, որ անցեալ հինգ տասնամեակներուն ընթացքին Կազդուրման կայանը եղած է լուրջ գործօն մը՝ որպէսզի գաւառներէն Պոլիս եկած ընտանիքներուն զաւակները հաղորդ դառնան իրենց մայրենիին եւ ինքնութեան։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մատնանշեց նաեւ, թէ Կազդուրման կայանը հաստատութիւն մըն է, որ մշտապէս կը վերանորոգէ ինքզինքը։
Խնամատար մարմինը յուշանուէրներ պատրաստած էր շարք մը երախտաշատ անուններու համար, որոնք անցեալ յիսուն տարիներուն ընթացքին անփոխարինելի վաստակ ու եռանդ ներդրած են Կազդուրման կայանին համար։ Այսպէս, յուշանուէրներ ստացան՝ Հայկ Ասլանեան, Նշան Գարա, Միհրան Ուլիկեան, Բարսեղ Ճանճիկեան, Ազնիւ Մեծատուրեան, Սարա Ներկիզ եւ Ազիմէթ Ճամէքան։ Խնամատար մարմինը առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք յուշանուէր մըն ալ պատրաստած էր տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի համար, որ վերջին եօթ տարիներուն տիրաբար վարած է այդ պաշտօնը։ Ան այս տարեշրջանին իր պաշտօնը պիտի փոխանցէ, որովհետեւ 2016-2017 կրթական շրջանին պիտի ստանձնէ Գալֆաեան տան տնօրէնուհիի պաշտօնը։ Ուստի, բոլոր ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին Թամար Ներկիզի արձանագրած յաջողութիւնը Կազդուրման կայանէն ներս։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքով եւ աղօթքով։