ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խը­նաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն խումբ մը ուխ­տա­ւոր­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­մի­տաս Քհնյ. Զօհ­րա­պեա­նի։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց ուխ­տա­ւոր­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տան եւ Սուրբ Էջ­միա­ծին ու մաս­նա­ւո­րա­պէս գնա­հա­տեց Տ. Կո­մի­տաս Քհնյ. Զօհ­րա­պեա­նը, ո­րու ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած էր այս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին դա­րեր շա­րու­նակ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ ստանձ­նած է հա­յա­պահ­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծը, հո­գեփրկ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռըն­թեր։ Նո­րին Սրբու­թեան խօս­քե­րով, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյն ճա­նա­պարհ­նե­րը կը հա­մա­րուին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու եւ ամ­րաց­նե­լու ա­ռու­մով։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մատ­նան­շեց, որ դէ­պի Հա­յաս­տան կազ­մա­կեր­պուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն, որ­պէս­զի հա­յոր­դի­նե­րը հա­սակ առ­նեն որ­պէս Հա­յաս­տա­նի ու նախ­նեաց ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­ներ եւ հե­տե­ւորդ­ներ իր­նեց հայ­րե­րուն ստեղ­ծած հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ կրթու­թեան ո­լոր­տէն ներս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­ռա­քե­լու­թեան։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նեց նաեւ բազ­մաբ­նոյթ հար­ցում­նե­րու, զորս ուխ­տա­ւոր­նե­րուն կող­մէ ուղ­ղուե­ցան ի­րեն։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­մե­րի­կա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­ղօ­թեց, որ Երկ­նա­ւոր Տի­րոջ քաղցր հա­յեաց­քի ներ­քեւ ա­նոնք շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ՝ նոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ փա­րած մնա­լով Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին կեան­քին։  

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016