NO PAİN, NO GAİN

Շատ սի­րած եմ թուա­բա­նու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ճշգրտու­թեան պատ­ճա­ռաւ. ա­ռաձ­գա­կան չէ, ոչ ալ հե­ղու­կա­յին, այլ հաս­տատ: Մէկ ա­ռա­ւել մէկ հա­ւա­սար է եր­կու­քի:

Ա­մե­նէն ա­ռաձ­գա­կա­նը, ա­ռա­ւել՝ կա­զա­յի­նը փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն է, ուր մէկ նիւ­թէ կրնայ յա­ռա­ջա­նալ բազ­մա­թիւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ: Ա­ծա­կան­նե­րու տա­րա­փը՝ ա՛յլ խնդիր, ինչ որ կող­մի մը հա­մար ա­զա­տա­մար­տիկ կրնայ ա­նուա­ն-ւիլ, ընդ­դի­մա­դիր կող­մի մը հա­մար՝ ոճ­րա­գործ...։­

Իսկ ին­ծի հա­մար ա­նո­րոշ բառ մըն է «մեն» բա­ռը: Ե­թէ «Երկ­նի աստ­ղե­րէն մերն է միայն ա­նի­կա»...։ Ե­թէ ոչ աստ­ղե­րու թի­ւին չափ, այլ բա­ւա­կա­նէն ա­ւե­լի «մենք»եր ու­նինք.- «Եւ այդ­պէս էլ գլխի չըն­կանք, թէ մեր ու­զած ժա­ման­կը ե՞րբ է գա­լիս ժա­մա­նա­կին» (Հա­մօ Սա­հեան): «Գլխի իյ­նալ­»ը -այլ բա­ռով, այլ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ՝ «սթա­փիլն» է... ինչ որ դա­րե­րէ ի վեր կը կրկնուի, կը կրկնուի մինչ դեռ գլխի չենք իյ­նար ­-կայ Վար­դա՞ն -կայ ն­­աեւ Վա­սակ...։ Միշտ ալ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մին վրայ: Պէտ­քը ե­ղած է ն­­աեւ՝ «Քա­ւու­թեան նո­խա­զի», իսկ ի չգո­յէ հնա­րուա՛ծ, ըլ­լայ այդ ան­հա­տա­կան, միու­թե­նա­կան կամ նոյ­նիսկ պե­տա­կան չա­փա­նի­շով:

Հե­ռու­նե­րը եր­թա­լու պէտք չու­նինք երբ ու­նինք Խո­րե­նա­ցին, որ «Պատ­մա­հայր» կ՚ա­նուան-ւի հոն տես­նե­լու ե­րե­ւոյթ­ներ, ինչ որ այ­սօ­րե­րուս տա­կա­ւին կը պա­տա­հի, ի հարկէ բո­լո­րո­վին տար­բեր դա­րե­րու մէջ ըլ­լա­լուն՝ կը տար­բե­րին ա­նուն­նե­րը վայ­րե­րու եւ ան­ձե­րու, ո՛չ սա­կայն կո­րի­զը՝ ո­րով կը յատ­կան­շուին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նե­րը ու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը. ան­փո­փոխ են, մեր պա­րա­գա­յին՝ հայ կո­րի­զը:

Պատ­մու­թեան ս­­կիզ­բէն ի վեր ե­ղած են ու կան եւ տա­կա­ւին պի­տի ըլ­լան՝ ինչ որ մարդ-կեն­դա­նիին էու­թիւնն իսկ է. այ­սինքն՝ գե­րա­կա­յու­թեան զգա­ցում, անձ­նա­սի­րու­թիւն, բռնու­թիւն՝ ի խըն-դիր գո­յա­տե­ւու­մի, ինչ որ շա՜տ, շա՜տ բնա­կան է. հուսկ՝ ա­մէն ազ­գի մէջ. Լուի տասն­չո­րրո­րդ ը­սաւ՝ «Ե՛ս ե­մ պատ­մու­թիւ­նը­», իսկ ո՞ւր է ժո­ղո­վուր­դին տե­ղը­, շա­հը­... սա­կայն ախ­տե­րու տե­սակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են, մա­նա­ւանդ վեր­ջի­ն դա­րուն, հա­կա­սո­վե­տախ­տը, որ տա­կա­ւին ո­մանց սի­րտե­րը կը խո­րո­վէ­... քա­նի որ այն­քա՜ն ժխտա­կան ի­րող­ու­թիւ­ններ կը վե­րագ­րուին­... մեր մաք­րա­մա­քու­ր ու հզօր ծի­նը խա­թա­րած ըլ­լա­լուն... (զար­մա­նա­լի.­.. հա­զա­րա­ւոր տա­րին­ե­րու հա­յու ծի­նը այդ­քան շո՞­ւտ կը խա­թա­րուի. ող­բամ ապ­րե­լոց­), իսկ հա­յոց ներ­հակ պայ­քար­նե­րը միթէ՞ ա­ռանց ա­րիւ­նի ե­ղած են­, երբ Խորհրդային Միու­թիւ­ն կազ­մուած իս­կ չէր­... այ­լա­պէս ին­չո՞­ւ Շահ­նուր պի­տի գրէր.- «Հա­յը ստրուկ է, որ կը հե­րո­սա­նայ իր եղ­բայ­րը սպան­նել­ով. եր­բեմն՝ ո՛չ իսկ այդ»:

Ռու­դա­քիիէն.- «Դուն զո՞վ սպան­նե­ցիր, որ քեզ սպան­նե­ցի­ն եւ զայն պի­տի սպան­նեն» (հա­զար տա­րուան խօսք­):

Այս այս­պէս է. մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը չ­­ի փո­խուի­ր իր խոր­քին մէջ... այն­քան ա­տեն, որ մարդ ա­րա­րա­ծը կը մնայ մարդ homo sapiens կոչուե­լէն ի վեր ու տա­կա­ւին...։­

Ա­մէն տրա­մա­բա­նու­թիւն դրա­մա­բա­նու­թեան (անձ­նա­սի­րու­թեան) խրա­մէն կը հո­սի..­.։

­Նո­րու­թիւն չեն թշնա­ման­քի ա­րիւ­նա­հո­սու-թիւն­նե­րը­, քա­ղա­քա­ցիակ­ան պատե­րազմ­նե­րը­, ուս­տի ե­ւ սա­կայն, կան ու կը մնան Անդ­րա­նիկ­ներ մե­զի պ­­աշտ­պան՝ միշտ յու­սա­լով լա­ւա­գոյ­նին:­

No Pain

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016