ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեսակցեցաւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի եւ իր ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Յառաջիկայ 16 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ այս եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդի անդամները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Խնդրելով Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը՝ թաղականները Գումգաբուի մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց տարած աշխատանքին շուրջ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար, Նարըլգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն մաղթեց յաջողութիւն ու կարողութիւն՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները։