ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յուզումով կը հետեւինք սովորական կնոջ մը հայերէնի մասին ոչ-հայախօս դասախօսութեան, զոր կը քննադատէ Պատրիարքական Աթոռոյ հայանպաստ առաքելութիւնը։ Սովորական կը կոչեմ, նկատի ունենալով, որ հայերէնի մասին մասնագիտութիւնը անկ է եկեղեցական եւ կամ կրթական ասպարէզէ ներս «ուսուցիչ» կոչուածներուս եւ ոչ-կրթական անձ մը պարզապէս հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալով կարող չէ ուսուցիչներուն եւ աւելին՝ հոգեւորականներուն դաս տալու։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հակամարտութիւններու գօտիներէ ներս ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի (ԱԼԻՖ) գործադիր տնօրէն Վալերի Ֆրելանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակութեան հաստատումը։ Նորահաստատ միաւորին մէջ ընդգրկուած երկիրներն են Ալպանիա, Սլովենիա, Սերպիա, Պոսնա Հերսեք, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Քարատաղ եւ Խրվաթիա։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան պաշտօնապէս կոչուեցաւ իր նոր առաքելութեան։ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած պաշտօնակալման յատուկ արարողութեան մասնակցեցան բարձրաստիճան հիւրեր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 95-ամեակի յոբելենական շրջանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի տագնապներն ու խնդիրները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երեք նոր կուսակրօնով։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծաներու ձեռնադրութիւնը։