ՃԻ՛ՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի 15-րդ օրն է:
Վստահաբար շատեր որոնք պահեցողութեան այս ճանապարհորդութեան կը մասնակցին, բազամաթիւ փորձառութիւններ ձեռք ձգեցին մինչեւ հիմա եւ միաժամանակ բազմաթիւ փորձութիւններու հանդիպեցան, կարեւորը սակայն հիմա չէ, այլ՝ աւարտը, թէ ի՛նչպիսի կարգավիճակով աւարտին պիտի հասնի այս ճանապարհորդութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նստաշրջանը աւարտին հասաւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերադարձաւ իր Աթոռը:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին կը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մասնակցեցաւ Արեւագալի արարողութեան, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի տարածաշրջանային ֆորումը անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ երկու փուլով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքները կազմակերպուեցան՝ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր զրոյց մը ունեցան ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն առաջ: