ՎԵՐԱԲԱՆԱՁԵՒԵԼ ՊԱՏԳԱՄԸ

«progressarmenia.com» կայքէջին վրայ Կարինէ Սարգսեանի ստորագրութեամբ հետաքրքրական հարցազրոյց մը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Մեր եկեղեցին նոր ժամանակներու ոգիին եւ նոր մարտահրաւէրներուն համահունչ պէտք է վերափոխէ առաքելութիւնը, որպէսզի կարողանայ ձգողականութիւնը բարձրացնել յաչս իր հօտին»:
Կը տեղեկանանք, որ այս տարի կը լրանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հիմնադրութեան 10-ամեակը։ 2012 թուականին գործել սկսած է ներկայ մատենադարանը, որ մայրավանքի համալիրէն ներս առանցքային խարիսխ մըն է։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վարչական կարեւոր հաւաք մը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հաստատման 95-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին առթիւ ստեղծուած է արտասովոր աշխուժութիւն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է։ Իր խօսքով՝ սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չի համարուիր, այլ՝ բնական է, որովհետեւ ան մատնուած է տագնապի։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու տնօրէններն ու փոխ-տնօրէնները։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։
Պէյրութի մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Լիբանանէ ներս եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացման առթիւ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական այս արարողութիւնը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր հոգեւորականաց դասէն՝ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Մեր հոգեւոր հայրերու շարքին ան հերթական վարակեալն է դժբախտաբար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ այն աշխարհական աշխատակիցներուն հետ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Քուէյթի եւ շրջակայքի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան։